Ֆասիէ Կը Խօսի Արցախի Մասին

By Asbarez | Wednesday, 22 July 2009

ՊՈԼԻՍ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին կը յայտնէ, թէ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումին առաջնահերթ նպատակը երկու կողմերուն միջեւ «մերձեցում մը պահպանելն է։ Ան ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ որոշում մը կրնայ հետագային տրուիլ։

Ֆասիէ յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ։ «Կը յուսամ, որ պատերազմ մը տեղի չունենար», ըսած է ան՝ շեշտելով, որ երկու կողմերուն միջեւ անցեալ տարուան բախումներուն ընթացքին արձանագրուած է երեսուն զոհ, ինչ որ կը փաստէ, թէ պատերազմի վտանգ մը դեռ գոյութիւն ունի։

Ան աւելցուցած է, որ Մարտի դէպքերը, որոնց ընթացքին կողմերը հրացաններ եւ հրասանդներ օգտագործած են, երկու երկիրները պատերազմի եզրին հասցուցած են։ «Փառք Աստուծոյ յաջողեցանք կասեցնել բռնարարքներու մաքլցումը։ Ապա թէ ոչ, նոր պատերազմ մը կը ծագէր», ըսած է համանախագահը։

Ֆասիէ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ոխերը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքագէտներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ներքին քաղաքականութեան համար շահագործումը համարած է իբրեւ խաղաղութեան գործընթացին ձգձգման հիմնական երկու պատճառներ։

Դրացի մը իբրեւ թշնամի ցոյց տալով ազգային միասնականութիւնը պահելը միշտ ալ դիւրին եղած է։ Կը հաւատամ, որ հարցը շատոնց լուծուած կ՛ըլլար, եթէ երկու կողմերն ալ այս հարցը իրենց ներքին քաղաքականութեան մէջ նուազ օգտագործած ըլլային եւ փոխարէնը, աւելի մեծ քաղաքական քաջութիւն ցուցաբերէին», աւելցուցած է Ֆասիէ։

Թրքական օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին ֆրանսացի համանախագահը նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ Թուրքիոյ միջնորդի դեր ստանձնելու առաջարկներուն մասին։

Յիշեցնելէ ետք, թէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւններ», Ֆասիէ բացառած է գործընթացին մէջ Թուրքիոյ միջնորդութեան կարելիութիւնը, նշելով, որ Թուրքիա իսկութեան մէջ տագնապին մէջ կողմ է։

Այս գործընթացին մէջ Թուրքիոյ միջնորդութիւնը կարելի չէ։ Պարզ տրամաբանութիւնը այս մէկը կը պահանջէ», նշած է ան՝ վերստին հաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի գործընթացն ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման ջանքերը պէտք է երկու անկախ գործընթացներ նկատուին։ Բայց եւ այնպէս, ան ընդունած է, որ անոնցմէ որեւէ մէկուն մէջ յառաջդիմութիւն մը կրնայ դրական եւ օգտակար» ազդեցութիւն ունենալ միւսին վրայ։

comments

Advertisement