Հալէպի Մէջ Հայ Կին Մը Վիրաւորուած Է Արձակազէնի Գնդակէն

By Asbarez | Monday, 19 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ 19 Նոյեմբերին Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մօտակայքը արձակազէնի փամփուշտին պատճառով վիրաւորուած է միջին տարիքի հայ կին մը։

Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ Հալէպի հայկական Շտապ օգնութեան մարմինի երիտասարդ անդամները օգնութեան հասած են եւ կինը փոխադրած են հիւանդանոց: Ներկայիս ան կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ նշեալ տարածքին մէջ մնայուն կերպով կայ արձակազէններու վտանգը:

Անդրադառնալով Հալէպի իրավիճակին՝ Ռէյիսեան նշած է, որ կացութիւնը բաւական հանդարտ է, կրակոցները նուազած են: Բայց եւ այնպէս արուարձաններուն մէջ բախումները կը շարունակուին: Անոր համաձայն, թէեւ վիճակը աւելի հանդարտ է, սակայն դրական մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար, աշխատավայրերը կը շարունակեն փակ մնալ։

comments