Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարժապատկերին Մեկնարկը «Թումօ» Կեդրոնին Մէջ

By Asbarez | Monday, 19 November 2012

Ձախէն աջ՝ Էտկար Թենըմպոմ, Չիկտեմ Մաթեր, Միշլին Ահարոնեան-Մարքըմ, Սոնա Թաթոյեան, Հոզէ Ռիվերա, Շեխար Քափուր ու Վահէ Եագուպեան

Ինչպէս հաղորդած էինք, բազմաթիւ շարժապատկերներու հնդիկ բեմադրիչ ու մարդկային իրաւանց գործիչ Շեխար Քափուր որոշած է Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած շարժապատկեր մը բեմադրել: Ան արդէն իսկ Հայաստան այցելած է նշեալ շարժապատկերի նկարահանման վայրեր որոնելու նպատակով, եւ այս առիթով, «Երեք խնձորներ ինկան երկինքէն» ֆիլմի արտադրիչները հանդիսութիւն մը կազմակերպած էին Երեւանի «Թումօ» կեդրոնին մէջ, ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ հրապարակելու նպատակով:

Ինը առիթներով «Օսքար»ի թեկնածու բեմադրիչը (ներառեալ՝ «Elizabeth» եւ «The Golden Age» ֆիլմերը) ընդունած է, որ այդ նիւթը դժուար է: Ան աւելցուցած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը աշխարհի պատմութեան ամէնէն ամօթալի էջերէն է:

Ֆիլմը հիմնուած է Միշլին Ահարոնեան-Մարքըմի՝ մրցանակներ շահած «Երեք խնձորներ ինկան երկինքէն» վէպին վրայ, իսկ անոր գործադիր արտադրողն է Վահէ Եագուպեանը, որ ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն ներկայացուց վէպին հեղինակը, ինչպէս նաեւ արտադրող ու դերասանուհի Սոնա Թաթոյեանն ու անոր ամուսինը՝ Հոզէ Ռիվերան (բեմագրութեան «Օսքար»ի թեկնածու՝ «Motorcycle Diaries»ի համար): Յայտնենք, թէ վէպի բեմագրութիւն փոխանցումը կատարած է նոյնինքն Ռիվերան: Բեմի վրայ կային նաեւ ֆիլմին ֆրանսացի արտադրող Էտկար Թենըմպոմը ու թուրք համաարտադրող Չիկտեմ Մաթերը:

Թաթոյեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Քափուրը ընդունած է ֆիլմը բեմադրել երկիրի մը մէջ, որ շարժապատկերի արտադրութեան հսկայ ենթահող չունի, եւ յոյս յայտնեց, որ ֆիլմին արտադրութիւնը կը նպաստէ նաեւ Հայաստանի շարժապատկերի արտադրութեանց մարզին: Ան աւելցուց, թէ ֆիլմը պիտի ըլլայ Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միացեալ արտադրութիւն մը՝ շեշտելով, որ ֆիլմը Ցեղասպանութեան պատմողական ներկայացումը ըլլալէ աւելի՝ համամարդկային բնոյթով ողբերգութեան մը ներկայացումը պիտի ըլլայ:

Եագուպեան կը յայտնէ, թէ նման տաղանդաւոր արուեստագէտներու ներկայութեամբ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած այս շարժապատկերին մեկնարկը յուզիչ պահեր կը ստեղծէ՝ միաժամանակ հիմը դնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող շարժապատկերի մը արտադրութեան, մարդկութեան համար աւելի խաղաղ ու համերաշխ ապագայի մը ճամբան հարթելու յոյսով:

Սոյն ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/ThreeApplesFellFromHeaven կայքէջը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement