Ականի Մը Պայթումէն Ատրպէյճանցի Երկու Զինուորներ Կը Վիրաւորուին

By Asbarez | Wednesday, 21 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, ատրպէյճանցի երկու զինուորներ ծանրօրէն վիրաւորուած են ականի մը պայթումին հետեւանքով:

Միջադէպը տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ: Մէկ օր առաջ, ականի մը պայթումին հետեւանքով ատրպէյճանցի զինուոր մը մահացած էր:

comments