By Նիուզ | Monday, 20 December 2010
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ ընթացող «Ցեղասպանութիւն, կանխում, դատապարտում եւ հետեւանքներ» միջազգային գիտաժողովին երկրորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 15ին, ֆրանսահայ գիտնական, ԱՄՆի մէջ դասաւանդող Տիգրան Գոյումճեան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ աւարտած 1915ին. անիկա կը շարունակուի տակաւին, քանի որ Թուրքիան չէ ճանչցած եւ ներողութիւն չէ խնդրած իր յանցագործութիւններուն համար, կը շարունակուի հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը այդ երկրին մէջ, եւ թէ Թուրքիան, իր տարածքին մէջ խտրական քաղաքականութիւն կը վարէ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:
«Արդէն Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիրները ընդունեցին օրէնք մը, ըստ որուն, հայերուն կ՛արգիլուէր վերադառնալ իրենց պատմական հայրենիքը, նաեւ ոչնչացուցին աւելի քան 2 հազար հայկական եկեղեցի ու նոյնքան դպրոց, 400 հայկական վանք։ Այդ կերպով, ժամանակակից Թուրքիան իր ստորագրութիւնը դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացին վրայ: Ընդհանուր առմամբ, անկախ միջազգային փորձագէտները Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն ուենցուածքը կը գնահատեն 100 միլիառ տոլար», ըսած է գիտնականը եւ ընդգծած, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դեռ կը շարունակուի, քանի որ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնը չէ փոխուած Օսմանեան կայսրութենէն ետք:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 15ին իր աշխատանքները աւարտած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) նախաձեռնութեամբ գումարուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը. կանխարգելում, դատապարտում եւ հետեւանքների վերացում» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը:
Հայաստանի ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, գիտաժողովի փակման խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ