Նախագահ Սարգսեան Պէյրութի Մէջ Մտահոգութիւն Յայտնեց Սուրիոյ Կացութեան Առնչութեամբ

By Asbarez | Monday, 26 November 2012

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 Նոյեմբերին եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր ան ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումներ:

Նախագահական պատուիրակութեան  մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, հայաստանեան-լիբանանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ։

Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահներ Սլէյման եւ Սարգսեան դեսպաններու դահլիճին մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները։ Քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները։ Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին՝ Լիբանանի վերաբերող հարցերուն եւ միջազգային բանաձեւերուն պարագային Հայաստանի կողմէ Լիբանանի ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Հանդիպումէն ետք նախագահներ Սարգսեան եւ Սլէյման յուշանուէրներ փոխանակեցին, ապա ուղղուեցան կառավարութեան ժողովի դահլիճը, ուր անոնց միացան հայկական ու լիբանանեան պատուիրակութիւնները։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայաստանեան-լիբանանեան յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման քայլերը։ Ստորագրուեցան երկու համաձայնագիրներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ այցեգիրի դրութիւնը ջնջելու, իսկ երկրորդը՝ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրագոյն վկայականներու փոխադարձ ճանաչումին։

Ապա նախագահներ Սլէյման եւ Սարգսեան տուին մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք նախագահ Սարգսեանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու անհրաժեշտութեան գծով, ինչպէս նաեւ ընդգծած են փոխադարձ այցելութիւնները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը։
«Լիբանան կը զօրակցի Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ կովկասեան երկիրներու մէջ տագնապներուն քաղաքական լուծման, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման», ըսաւ է նախագահ Սլէյման։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանցիները հպարտ են լիբանանահայութեան կողմէ երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ ցուցաբերուած էական օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ այն դերակատարութեամբ, որուն ընդմէջէն անոնք Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով ճիգ չեն խնայեր։

Իր կարգին նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղած հրաւէրին համար՝ վերյիշեցնելով, որ նախորդ տարի Լիբանանի նախագահը Հայաստան այցելեց։ Ան շեշտեց, որ փոխադարձ այցելութիւններուն պարբերականութիւնը փաստ մըն է, որ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած է բարձր մակարդակի երկխօսութիւն եւ ձգտում կայ ունենալու բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ եւ այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու ցանկութիւն։

«Այս տարին խորհրդանշական է, որովհետեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման քսանամեակին կը զուգադիպի։ Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք նշել, որ այս ընթացքին մենք կրցած ենք ձեւաւորել միջխորհրդարանական,  մշակութային, կրթական եւ գիտական կապեր։ Ստորագրած ենք աւելի քան 30 համաձայնագիրներ, որոնք այս այցելութեան ընթացքին երկու այլ համաձայնագիրներով աւելցան», ըսաւ նախագահ Սարգսեան։

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը ըսաւ նաեւ, որ ինք նախագահ Սլէյմանին փոխանցած է, թէ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ միջազգային ասպարէզին մէջ Լիբանանի հետ համագործակցութիւնը։

«Այդ շրջագիծին մէջ Հայաստանը իր դիրքորոշումները ձեւաւորելու ընթացքին հաշուի կ՛առնէ համաարաբական եւ մասնաւորապէս՝ Լիբանանի շահերը», ըսաւ ան։

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայաստան խիստ մտահոգ է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեամբ եւ հոն ապրող հայութեան ճակատագիրով։ «Սուրիոյ ժողովուրդը ամէնէն ծանր պայմաններուն գրկաբաց ընդունած է հազարաւոր հայեր եւ Սուրիոյ ցաւը՝ մեր ցաւն է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան։

Ան աւելցուց, որ Հայաստան մնայուն կերպով մասնակցած է արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու ջանքերուն։ «Մենք դէմ ենք ուժի եւ բռնարարքներու գործադրութեան ամէնուր եւ ոչ միայն Սուրիոյ մէջ։ Անհնար է մնայուն լուծման յանգիլ, առանց բոլոր կողմերուն մօտ ընդհարումները կասեցնելու եւ առանց ընդգրկուն երկխօսութիւն կատարելու՝ հաշուի առնելով բոլոր սուրիացիներուն շահերը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման հոլովոյթին, նախագահ Սարգսեան վերահաստատեց, որ հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստան կը շարունակէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ քաղաքականութիւն վարել։

«Մենք կը բացառենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բռնի ուժով լուծելու տարբերակը եւ հաւատարիմ ենք ԵԱՀԿի Մինսկի միջնորդութեամբ այդ տագնապը բանակցային դրութեամբ լուծելու մեր յանձնառութեան։ Ցաւօք սակայն, հարեւան Ատրպէյճանը կ՛անտեսէ Մինսկի բոլոր առաջարկները, կը շարունակէ սպառազինութեան աննախընթաց կուտակումը եւ իր ժողովուրդը կը պատրաստէ նոր պատերազմի։ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ ոճրագործ Սաֆարովի ներումն ու հերոսացումը անոր էութիւնը բացայայտող լաւագոյն ապացոյցներն էին։ Այս մէկը ազգային հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան շարունակութիւն է, ուրիշը ատելու եւ ցեղապաշտ ըլլալու ցցուն օրինակ», հաստատեց նախագահ Սարգսեան։

Նախագահ Սարգսեան յայտնեց նաեւ, որ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակը ուղղակիօրէն շաղկապուած է Հայաստանի անվտանգութեան հետ։ «Մենք խորապէս շահագրգռուած ենք ներկայ հարցերու շուտափոյթ յաղթահարելով եւ պատրաստակամ ենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել այդ առաքելութեան։ Կը մաղթեմ, որ մեր եղբայր ժողովուրդներուն պատմական ընթացքը գոյատեւէ եւ մեզի միշտ ուղեկից դառնան խաղաղութիւնը, արդարութիւնն ու լաւատեսութիւնը», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան։

Կէսօրէն ետք ժամը 3ին, նախագահ Սարգսեան եւ հայկական պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ։ Նախագահ Սարգսեան  ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին դիմաց՝ յարգելով Լիբանանի բոլոր նահատակներուն յիշատակը։ Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք նախագահ Սարգսեան ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւն ամրապնդելու հեռանկարները։

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու լիբանանեան- հայաստանեան յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ երկու երկիրներուն վարչապետներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել երկկողմանի գործակցութեան բարելաւման ջանքերը։ Այս առիթով վարչապետ Միքաթի Հայաստանի վարչապետին յղեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը։

Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ ջնջելու բոլոր այն արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն լիբանանեան-հայաստանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումը,  «յատկապէս երբ լիբանանահայութիւնը կրնայ օժանդակել այդ յարաբերութիւնները մտերմացնելու աշխատանքին«, ըսաւ ան։

Իր կարգին նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ հարկ է ամէն ջանք ի գործ դնել երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման եւ երկկողմանի ներդրումներու քաջալերման ի խնդիր։ Ան մաղթեց, որ շրջանին մէջ հարցերը խաղաղ կերպով լուծուին, յատկապէս Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին համար, «յատկապէս այն իրականութեան համար, որ Սուրիոյ մէջ ունինք հայկական պատմական գաղութ, որ հարուստ է իր աւանդներով եւ մշակոյթով», աւելցուց ան։

Նոյն օրը երեկոյեան Լիբանանի նախագահը նախագահական պալատին մէջ ընթրիք մը սարքեց՝ ի պատիւ նախագահ Սարգսեանի եւ հայկական պատուիրակութեան։

comments