Պաշտպանութեան Նախարար - Ատրպէյճան Եթէ Կրնար՝ Կը Յարձակէր

By Armen Press | Thursday, 23 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, Յուլիս 23ին, Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է, թէ «Իրավիճակը տարածաշրջանում ստիպում է մեզ ունենալ հզօր եւ մարտունակ բանակ, որն էլ եւ ապահովում է մեր ժողովրդի անվտանգութիւնը»։

Ան նշած է, թէ «Իր ստեղծման պահից ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը կատարում է Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնն ապահովելու առաքելութիւնը: Տարեցտարի կատարելագործուելով՝ այն միշտ ձգտում է լինել առաջնագծում վերահսկողի դերում, թոյլ չտալով հակառակորդին որեւէ ոտնձգութիւն կատարել ԼՂՀ ժողովրդի հանդէպ: Ի տարբերութիւն նմանատիպ հակամարտութիւններ ունեցող միւս երկրների, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերի շփման գծում չկան խաղաղապահ ուժեր: Կարելի է ասել, որ ԼՂՀ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանւում են ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի շնորհիւ»:

Անդրադառնալով ԼՂ հիմնախնդիրը ուժով լուծելու մտադրութեան վերաբերեալ, Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն՝ նախարարը ընդգծած է, որ եթէ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը գոնէ մէկ անգամ համոզուած ըլլային, որ ի վիճակի են խնդիրը լուծելու ռազմական ճանապարհով, ապա անոնք անմիջապէս սկսած կ՛ըլլային ռազմական գործողութիւններու:

Նախարարի խօսքերով, վերջերս էական փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած սահմանային շփման գիծին վրայ:

 

comments