Հայաստան Փոխադրուած Սուրիահայ Ընտանիքը Գոհ Է Իր Կացութենէն

By Asbarez | Wednesday, 05 December 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքին մէջ կօշիկի սեփական արտադրութեամբ հռչակ վայելող սուրիահայ ընտանիքը՝ փախչելով Սուրիոյ պատերազմական կացութենէն փոխադրուած է Հայաստան, ուր ընտանեկան առեւտուր հիմնած է։

Արդէն ամիսէ մը ի վեր Երեւանի կեդրոնը բացուած է «Վանայ» կօշիկի խանութը: Երկու դուստրերու հայր Յովիկ Պաղտասարեանը նկատել տուած է, որ եթէ իրենց առիթ տրուի հայրենիքի մէջ հանգիստ կերպով առեւտուր կատարելու, իրենք աւելի եւս կը կառչին Հայաստանի մէջ հաստատուելու գաղափարին։

«Բայց եթէ չձգեն, որ աշխատինք, կը հեռանանք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ան՝ շարունակելով. «Ես վարժուած եմ օրինական ձեւով աշխատելու, այդպէս ալ պիտի շարունակեմ»:

Արդէն հինգ ամիսէ ի վեր Պաղտասարեաններուն ընտանիքը Երեւան  տեղափոխուած է: Նոր տուն գնած են ու նոր կեանքի սկսած: Յովիկ կը պատմէ, որ Երեւանի մէջ խանութ բանալու հարցին գծով կառավարութիւնը որեւէ արտօնութիւն չէ տուած: Ինչպէս տեղացիներուն համար, իրենց համար եւս նոյն հարկերը ու նոյն պայմանները ճշդուած են:

«Բայց եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ արտօնութիւններ տայ պատերազմէն փախուստ տուած գործարար սուրիահայերուն, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ», յայտնած է հալէպահայ առեւտականը՝ դիտել տալով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշ արտօնութիւններ կու տայ նոր գործ սկսողներուն:

«Վանայ» խանութին մէջ կը վաճառուին ոչ միայն տարբեր երկիրներու արտադրութեան բազմազան կօշիկներ, այլ նաեւ Պաղտասարեաններու սեփական արտադրութիւնը:

Պաղտասարեան ընտանիքը Հալէպի մէջ կօշիկի մէկ գործարան եւ 3 խանութ ունի: Կօշիկի գործարանը արդէն չի գործեր, խանութներէն միայն մէկը բաց է՝ հայաշատ ապահով թաղամասի մը մէջ:

Յովիկի հայրը Հալէպ մնացած է, որպէսզի չարտօնէ իրենց ունեցուածքներուն թալանումը։ «Հալէպի մէջ գողութիւնները հիմա շատցած են, եւ ամէն ընտանիքէ մէկը հոն կը մնայ», յայտնած է Յովիկ։

Յովիկ Պաղտասարեան դժգոհ չէ Հայաստանի մէջ հաստատած իր առեւտուրէն։ «Նոր բացած ենք՝ 20 օր եղաւ, բայց օրական դրութեամբ կը վաճառենք 5-6 զոյգ: Շատ լաւ է: Ես վստահ եմ, որ աստիճանաբար աւելի լաւ պիտի ըլլայ»:

comments