Նախագահ Սահակեան Քննարկած Է Արցախի Քաղաքներուն Վերաբերող Հարցեր

By Asbarez | Thursday, 06 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան  4 Դեկտեմբերին կայացուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ հանրապետութեան շրջաններու կեդրոններու եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետներուն մասնակցութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան քաղաքներու բնական կենսագործունէութեան ապահովման, քաղաքապետարաններու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման առնչուած հարցեր: Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է համայնքային տնտեսութիւններու գործունէութեան ճիշդ կազմակերպման վրայ:

Բակօ Սահակեան համապատասխան յանձնարարականներ տուած է ներկաներուն՝ առաջադրուած խնդիրները պատշաճ մակարդակով  լուծելու եւ իրավիճակը քաղաքներուն մէջ բարելաւելու ուղղութեամբ: Միաժամանակ նախագահը կարեւոր նկատած է բոլոր հարցերու պարագային քաղաքներու միջեւ սերտ համագործակցութիւնն ու փորձառութեան փոխանակումը՝ ընդգծելով, որ հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստ են մնայուն կերպով աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ գործընթացին:

comments