By Asbarez | Thursday, 06 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Գոլդն Գրեյպ Արմաս» ընկերութիւնը Արագածոտնի մարզին մէջ սկսած է բանեցնելու գինիի եւ քոնեաքի նոր գործարան, որ յագեցած է «Կրանզօթթօ» իտալական արտադրութեան նորագոյն սարքաւորումներով, որոնք ոչ միայն կը համապատասխանեն միջազգային բոլոր չափանիշներուն, այլ նաեւ իրենց որակով կը նկատուին աշխարհի առաջիններէն: Գործարանի նախագիծի պատկերը եւս մշակուած եւ գործադրուած է իտալացի մասնագէտներուն կողմէ:
Հայաստանի կառավարութիւնը 6 Դեկտեմբերին արտօնութիւն տուաւ «Գոլդն Գրեյպ Արմաս» ընկերութեան՝ ներածուած որոշ ապրանքներու յաւելեալ արժէքի տուրքերու վճարումը կատարել 3 տարի ետք:
Նշենք, որ «Գոլդն Գրեյպ Արմաս»ը Կոշ համայնքի 200 եւ Սասունիկ համայնքի 20 հեքթար անմշակ տարածքներու վրայ կատարած է զգալի ներդրումներ՝ տարածքը գիւղատնտեսական իմաստով օգտագործելու նպատակով: Իբրեւ արդիւնք՝ այսօր աւելի քան 160 հա տարածութեան վրայ մշակուած են խաղողի այգիներ, տնկուած է 400 հազար խաղողի տնկի, իսկ 40 հա հողատարածքի վրայ կան պտղատու այգիներ (10 հազար ծառեր՝ դեղձի, սալորի, խնձորի, ծիրանի, բալի եւ այլն):
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ