By Նիուզ | Tuesday, 11 January 2011
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- «Աշխարհի ատրպէյճանցիներու համերաշխութեան օրուան» եւ Նոր տարուան առիթով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր ժողովուրդին յղած է ուղերձ մը, որուն միջոցով կրկին խօսած է «Երեւանի խանութեան», «Զանգեզուրի մահալի» եւ իրենց միւս «պատմական հողերուն» մասին:
«Հայ-ատրպեճանական, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը մեզի համար ամենագլխաւոր խնդիրն է, ամենամեծ հիմնահարցը», յայտարարած է Ալիեւ՝ վստահեցնելով, որ «Մենք կը ձգտինք հարցը լուծելու խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւններու ճանապարհով»:
«Իր կարգին, Ատրպէյճան կը գործադրէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի այդ հարցը լուծուի մօտ օրէն, որպէսզի վերականգնի մեր երկրին՝ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսուած է Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած ուղերձին մէջ:
«Մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը պէտք է անպայման տեղի ունենայ: Ատրպէյճան երբեք չի հաշտուիր այս իրավիճակին հետ, երբեք համաձայնութիւն չի տար բուն մեր հողին վրայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հայկական երկրորդ պետութեան ստեղծման», յայտարարած է Ալիեւ եւ աւելցուցած. «Բոլորս լաւ գիտենք, որ ներկայիս Հայկական պետութիւնը ստեղծուած է ատրպեճանական պատմական հողերուն վրայ: Երեւանի խանութիւնը, Զանգեզուրի մահալը եւ այլ տարածաշրջաններ մեր պատմական հողերն են»:
Ալիեւ քանի մը անգամ պնդած է, թէ Ղարաբաղեան խնդիրի լուծման միակ տարբերակը Ղարաբաղի ինքնավարութեան կարգավիճակի տրամադրումն է:
Իր ուղերձի՝ Ատրպէյճանի պետական դրօշին նուիրուած հատուածին մէջ, Ալիեւ յայտարարած է. «Մեր դրօշը պէտք է ծածանի եւ պիտի ծածանի այսօր գրաւման տակ գտնուող հողերուն վրայ: Մեր ազգային դրօշը պէտք է ծածանի եւ պիտի ծածանի Շուշիի, Խանքենդիի (Ստեփանակերտ) վրայ: Մենք բոլորս պէտք է մօտեցնենք այդ օրը, մենք բոլորս կը հասնինք այդ օրուան: Ատրպէյճանը կը վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ ԵԱՀԿի Ասթանայի վեհաժողովին ընթացքին իր ելոյթով հակադարձելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւններուն՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս նշած էր. «Ատրպէյճանը եւրոպական մայրցամաքում ինձ յայտնի միակ երկիրն է, որը հպարտութեամբ է խօսում իր ռազմական պիւտճէի բազմապատկման մասին: Եւրոպայում սովորական սպառազինութիւնների թոյլատրելի սահմանների շեշտակի խախտման դէմ ոչ միայն չեն ձեռնարկւում անհրաժեշտ միջոցներ, այլեւ իրականացւում է այդ տեսակի սպառազինութիւնների վաճառք, այդ թւում եւ՝ ԵԱՀԿ անդամ-պետութիւնների կողմից: Այս ամէնը համեմւում է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան բացայայտ հայատեաց ելոյթներով, եւ թշնամանք, ակրեսիա ու բռնութիւն սերմանող կոչերով: Բանը հասել է նրան, որ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները որեւէ առիթ բաց չեն թողնում ասելու, որ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը գտնւում է այսպէս կոչուած՝ «պատմական ատրպեճանական հողերու» վրայ»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ