By Asbarez | Wednesday, 12 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»ին հետ զրուցած է նախագահական ընտրութիւններուն չառաջադրուելու Գագիկ Ծառուկեանի որոշումին մասին՝ դիտել տալով, որ այդ քայլը իրեն համար անակնկալ չէր, մանաւանդ եթէ նկատի ունենայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումները։
Անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ Ծառուկեանի այս որոշումով կարելի՞ է ըսել, թէ որ միասնական դաշտ պիտի չձեւաւորուի՝ Վարդանեանը պատասխանած է, որ ՀՅԴի քաղաքական օրակարգով նախաձեռնուած միասնական դաշտի ձեւաւորումը կախեալ չէ ոեւէ անձէ։ «Բայց ակնյայտ է նաեւ, որ երբ ԲՀԿն դուրս է գալիս խաղից, բնականաբար, նոր տեղաշարժեր եւ զարգացումներ են հնարաւոր», ընդգծած է ան:
«Երկիր»ի լրագրողը դիտել տուած է, որ արդէն իսկ ոմանք սկսած են միասնական բեւեռի ստեղծումը ձախողելու մէջ մեղադրել բոլորը, բացի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն։ Ի պատասխան՝ Վարդանեան յայտնած է. «Ես լուրջ չեմ վերաբերւում նման հրապարակումներին: Ի հարկէ, կան որոշ կայքեր, վերլուծաբաններ, որոնք փորձում էին իրենց միամիտ եւ կիսատ պատկերացումներով գծել քաղաքական դաշտը: Ե՛ւ այդ վերլուծաբաններին, ե՛ւ կայքերին եւ նաեւ քաղաքական գործիչներին խորհուրդ կը տայի, որ ամէն մէկը մեղքը փնտռի իր մէջ: Փորձել ՀՅԴին մեղադրել այս ամէնում՝ հիմնազուրկ է, նախ թող փորձեն իրենք իրենց մէջ խնդիրը գտնել»:
Վարդանեան չէ բացառած, որ Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցի սեփական թեկնածուով։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ