By Asbarez | Thursday, 13 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- «Մեդիամաքս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախկին նախագահի գրասենեակի ղեկավարը յայտնած է, որ Ռոբերտ Քոչարեան պիտի չմասնակցի 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն։
Այս մեկնաբանութիւնը յաջորդած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան այն յայտարարութեան, թէ կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն պիտի չունենայ իր սեփական թեկնածուն եւ պիտի չսատարէ ոեւէ մէկուն։
ԲՀԿն արդէն վաղուց կը նկատուէր Քոչարեաի յենարանը ներկայ քաղաքական համակարգին մէջ։
«Երկրորդ նախագահից երբեք չեմ լսել առաջադրուելու իր ցանկութեան մասին: Աւելին, մի քանի անգամ նա հակառակն է ասել: Չեմ կարծում, որ նա կը մասնակցի այս նախագահական ընտրութիւններին: Սակայն Ռոբերտ Քոչարեանն անպայման կը տայ իր գնահատականները ընթացիկ քաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ արդէն մօտ ապագայում», յայտնած է Վիկտոր Սողոմոնեան:
Սողոմոնեանը հերքած է նաեւ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կայանալիք հանդիպման մասին շրջան ընող լուրերը:
«Ռոբերտ Քոչարեանն իրօք Մոսկուայում է, սակայն միայն ԱՖԿ Սիստեմայի տնօրէնների խորհրդի նիստին մասնակցելու նպատակով: Վ. Պուտինի հետ հանդիպում ծրագրուած չէ», նշած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ