Նախագահական Թեկնածու Յովիկ Աղազարեան Իր Միակ Մրցակիցը Ներկայ Նախագահը Կը Նկատէ

By Asbarez | Friday, 14 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արհեստագիտական գիտութիւններու թեկնածու Յովիկ Աղազարեանը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: 14 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է ՀՅԴի նախկին անդամ Յովիկ Աղազարեանը, որ յայտնած է, թէ իր ընտրողները պիտի ըլլան թէ՛ գործարար շրջանակներէ անձեր, եւ թէ սովորական մարդիկ: «Բայց ես չեմ շերտաւորում իմ ընտրազանգուածը: Մեր հայրենիքի տարբեր հատուածներում կան իմ տեսակէտները կիսող մարդիկ», յայտարարած է նախագահական թեկնածուն, որ իրեն իբրեւ իսկական մրցակից նկատի ունի ներկայի նախագահը՝ միաժամանակ նշելով, որ պատրաստ է սատարելու միայն Նիկոլ Փաշինեանին, եթէ վերջինս առաջադրէ իր թեկանծութիւնը:

Հակառակ անոր որ Յովիկ Աղազարեան ժամանակին հեռացուած է Դաշնակցութեան շարքերէն, բայց եւ այնպէս ան պատրաստ է նախագահական դաշնակցական թեկնածուին չխանգարելու համար յետս կոչել իր թեկնածութիւնը:

Ընտրագրաւին մասին խօսելով՝ Աղազարեան դիտել տուած է, որ այդ 8 միլիոն դրամը շատ մեծ գումար չի նկատեր, եթէ իր թեկնածութիւնը հարցեր ստեղծելու ըլլայ։ Անոր զաւակը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ առեւտուրով կը զբաղի, «ինչը հնարաւորութիւն է տալիս բարեկեցիկ ապրելու, չնայած, որ ոչ մի տեղ գրանցուած աշխատող չէ: Ես գրանցուած եմ եղել Սուրէնաւան գիւղում, բայց մօտ քսանհինգ տարի չեմ բնակուել այնտեղ, սակայն Սուրէնաւանում ունեմ հողատարածք, որով զբաղւում եմ», նշած է ան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը պիտի արձանագէ իր թեկնածութիւնը:

comments