Արծուիկ Մինասեան 2011ին Տնտեսական Վիճակի Վատթարացում Կը Նախատեսէ

By Նիուզ | Monday, 17 January 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունուար 12ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, թէ երկիրի հասարակական-տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ միասնական ռազմավարութիւն չկայ, եւ եթէ իշխանութիւնները չսթափին եւ չմտածեն այդ ուղղութեամբ, ապա 2011ին տնտեսական վիճակը աւելի պիտի վատանայ:

Անոր խօսքով, իշխանութիւններուն կողմէ համապատասխան քայլեր չձեռնարկելու պարագային, 2011ին վիճակը հաւասարապէս կը վատանայ թէ՛ բնակչութեան կենսամակարդակին առումով եւ թէ տնտեսութեան մրցունակութեան տեսակէտէն: «Իսկ եթէ իշխանութիւններն, այնուամենայնիւ, վերանայեն իրենց մօտեցումները եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման միասնական ռազմավարութիւն մշակեն, ապա հնարաւոր կը լինի իրականօրէն շտկել իրավիճակը եւ վարել մրցունակութիւն ապահովող սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութիւն: Ռիսկեր միշտ կան, եւ հաշուի առնելով ներկայումս վարուող քաղաքականութիւնը՝ այդ ռիսկերն այս տարի դրսեւորուելու են բացասական տեսանկիւնից, ինչն առաւել ազդելու է քաղաքացիների կեանքի, կենսամակարդակի եւ երկրի միջազգային մրցունակութեան վրայ», նշեց Մինասեան:

Ամփոփելով իր խօսքը՝ Մինասեան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ են արմատական փոփոխութիւններ՝ սկսած տնտեսական մրցակցութեան ապահովումէն, հասնելով մինչեւ երկրի ամավարկը ոչ իբրեւ նպատակ, այլ իբրեւ միջոց դիտելու քաղաքականութիւնը:

comments

Advertisement