By Asbarez | Friday, 14 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, «Հայկական Ժամանակ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ յստակացուցած է, թէ ՀՅԴ պիտի չսատարէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն:
«Որքանո՞վ է հաւանական, որ ՀՅԴն ընտրութիւններում սատարի Սերժ Սարգսեանին» հարցումին պատասխանելով՝ Մարգարեան յայտնած է, որ «դա բացառուած է: Քաղաքականութեան մէջ ասում են՝ չկայ անկարելի բաներ, բայց դա բացառուած է: Դա չի կարող լինել: Դա վերջնական հարց է: Մենք որեւէ կերպ չենք բանակցում, որ իրեն պաշտպանենք, նման հարց չկայ: Մենք թեկնածու չենք փնտռում, որ պաշտպանենք: Իսկ գործող նախագահի պարագայում՝ մենք ընդդիմութիւն ենք, եւ բացառուած է, որ իրեն պաշտպանենք: Էդպիսի բան չի կարող լինել: Եթէ լսէք էլ՝ չհաւատաք»:
Նոյն հարցազրոյցին մէջ, Մարգարեան յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հանդիպման նախաձեռնողը ՀՅԴն եղած է:
Իսկ «Նպատակայարմա՞ր էք համարում, որ քաղաքական ուժերը, այդ թւում՝ Դաշնակցութիւնը, բոյկոտեն ընտրութիւնները՝ Սերժ Սարգսեանի վերընտրութիւնը չլեգիտիմացնելու (չօրինականացնելու-Խմբ.) համար» հարցումին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Չէ՛, դրանից ո՞վ՝ ի՞նչ կը շահի: Որ էդպէս անենք, ժողովրդի վիճակը կը լաւանա՞յ դրանից, երկրի վիճակը կը լաւանա՞յ: Վերջապէս մենք ճիշդ է, որ քննադատում ենք, բայց մեր քննադատութիւնը չպէտք է էնպիսի բացարձակ բնոյթներ ունենայ, որ ամէն ինչ սեւ երեւայ, ամէն ինչ յուսահատական երեւայ: Ես կարծում եմ, որ դրանից կը շահի միայն իշխանութիւնը, ուրիշ ոչ ոք: Հակառակը, պէտք է պայքարի տրամադրես ժողովրդին, որ եթէ ճիգ թափես, եթէ կեցուածք ունենաս, եթէ քո համոզումով քուէարկես, ապա վիճակը կը փոխուի: Դա է ճիշդ մօտեցումը: Միւսը պարտուողական, յուսահատական մօտեցում է, եւ դրանից անպայման մեր ժողովուրդը չի շահի»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ