Գիւմրիի Քաղաքապետը Բնակարան Նուիրեց 14 Անձէ Բաղկացած Ընտանիքին

By Asbarez | Monday, 17 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ժամանակաւոր կացարաններու մէջ ապրող, ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւող, պետութեան կողմէ բնակարանային փոխհատուցումէ զուրկ, անօթեւան ընտանիքներուն խնդիրներուն առաւել մօտէն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ անոնց անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով Գիւմրիի նորընտիր քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը 13 Դեկտեմբերին անակնկալ այցելութիւններ տուաւ «Շիրակ կենտրոնի»  տեսանիւթերուն մէջ ներկայացուած կարգ մը ընտանիքներու:

Գիւմրիի համայնքապետը քաղաքի ծայրամասի աւաններէն մէկուն ժամանակաւոր կացարաններէն մէկուն մէջ վարձքով ապրող եւ 12 մանկահասակ երեխաներ ունեցող ընտանիքին նուիրեց ամերիկաբնակ հայրենակիցներու կողմէ հանգանակուած գումարով Մուշ-2 նորակառոյց թաղամասին մէջ գնուած բնակարանը: Նշենք, որ այդ ընտանիքի մասին «Շիրակ կենտրոնի» եւ «Հետք»ի լրագրող Երանուհի Սողոյեան 3 ամիս առաջ պատրաստուած էր «Գիւմրիում 11 անչափահասներից բաղկացած անօթեւան ընտանիքը ապրում է վարձով բնակարանում» տեսանիւթը, որ հրապարակուած էր հայաստանեան յառաջատար շարք մը ելեկտրոնային պարբերականներուն մէջ:

«Շիրակ կենտրոնի» վերջին տեսանիւթին մէջ ներկայացուած են դրուագներ 14 անձերէ բաղկացած բազմանդամ անօթեւան ընտանիքին Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի տուած անակնկալ այցելութենէն, որուն ընթացքին ընտանիքին նուիրուեցաւ նշեալ բնակարանը:

comments