Հենրիխ Մխիթարեան Կրկին Արցախ Կ՛այցելէ՝ Բարեսիրական Նպատակով

By Asbarez | Wednesday, 19 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան անգամ մը եւս Ստեփանակերտ այցելած են՝ բարեսիրական նպատակներով: Երրորդ տարին ըլլալով տրուող այս այցելութեան նպատակն է Ամանորի նախաշեմին օգնել ազատամարտիկներու ընտանիքներուն: Շուրջ քսանմէկ ընտանիքներ Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ ստացան կենցաղային պիտոյքներ՝ սառնարաններ, լուացքի մեքենաներ, պատկերասփիւռներ:

Հանդիպումին ընթացքին ազատամարտիկները նաեւ կարելիութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու Հենրիխ Մխիթարեանին: Պատասխանելով այն հարցումին, որ Հենրիխ Մխիթարեան արդեօք չի՞ փափաքիր աւելի մակարդակաւոր ակումբի հետ խաղալ՝ կիսապաշտպանը պատասխանեց, որ կրնայ ըլլալ նման քայլի մը դիմէ օր մը, բայց առայժմ ինք «Շախտէօր»ի խաղացող է եւ չի մտածեր այլ խումբերու միանալ։ Այս հարցումին անդրադարձաւ նաեւ Ռուբէն Հայրապետեան՝ նշելով, որ ինք եւս կ՛ուզէ, որ Հենրիխը հանդէս գայ աւելի մակարդակաւոր ակումբի շարքերէն, սակայն նկատի ունենալով, որ ան արհեստավարժ է, համաձայնագիր կնքած է «Շախտէօր»ի հետ, որուն հետ պէտք է մնայ նուազագոյնը մինչեւ Մայիս 2013։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ, ըստ իրեն, ո՞վ է այս տարուան աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը՝ Մխիթարեանը տուաւ Անթրէս Ինիեսթայի անունը՝ դիտել  տալով, թէ հակառակ անոր որ Մեսսին եւ Ռոնալտոն վարպետ խաղացողներ են, բայց Ինիեսթան այս տարի աւելի մեծ նուաճումներ արձանագրեց:

Ներկաները նաեւ անդրադարձան Հենրիխ Մխիթարեանի մարդկային յատկանիշներուն՝ յիշելով նախորդ մրցաշրջանին արձանագրուած այն դրուագը, երբ Մխիթարեան կրնար ինք գրաւել մրցակիցին դարպասը, բայց նախընտրեց փոխանցում կատարել իր խաղընկերոջը՝ Սելեզնէօվին՝ օգնելով անոր դառնալու ախոյեանութեան լաւագոյն յարձակողը:

Հանդիպումէն ետք ներկաները լուսանկարուեցան Հենրիխ Մխիթարեանի հետ, ինչպէս նաեւ ստացան անոր ստորագրութեամբ գնդակներ եւ մարզական շապիկներ:

comments