Նախագահ Սարգսեան Կը Հաստատէ, Որ Սուրիահայերուն Օգնելը Իշխանութեան Պարտականութիւնն Է

By Asbarez | Thursday, 20 December 2012



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստան տեղափոխուած տարբեր ոլորտներ ներկայացնող սուրիահայ գործարարներ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Սփիւռքի եւ ելեւմուտքի նախարարները, եւ  պետական մարմիններու պատասխանատուներ:

Նախագահը նշած է, որ տեղեակ է Հայաստանի տարբեր պետական հաստատութիւններու մէջ սուրիահայ գործարարներուն հետ ցարդ կայացած հանդիպումներուն մասին, այդուհանդերձ, նպատակայարմար նկատած է անձամբ հանդիպիլ անոնց հետ եւ ուղղակիօրէն անոնց ներկայացնել Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին ու սուրիահայ հայրենակիցներուն աջակցութեան նկատմամբ Հայաստանի կեցուածքը, նաեւ  գործարարներէն լսել իրենց ծրագիրներուն մասին, գիտնալ անոնց առաջարկները, զանոնք մտահոգող հարցերը ու պատասխանել անոնց հարցումներուն։

Գործարարները հիմնականօրէն անդրադարձած են իրենց արհեստներն ու առեւտուրը Սուրիայէն Հայաստան փոխադրելու կամ հայրենիքի մէջ նոր աշխատանքի սկսելու կարելիութեան։ Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առած են իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց լուծման համար նախագահը յանձնարարականներ տուած է համապատասխան մարմիններուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով անոնց աջակցելու։

Հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան յորդորած է սուրիացի հայրենակիցները՝ շնորհակալութիւն չյայտնելու ցուցաբերուող աջակցութեան եւ հոգածութեան համար, քանի որ ատիկա Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է: «Հայաստանում ինչպիսի իշխանութիւններ էլ լինեն, բոլորն էլ այս խնդիրներին հոգատարութեամբ կը վերաբերեն: Այստեղ որեւէ կասկած չկայ: Այլ կերպ լինել չի կարող, ուղղակի չի՛ կարող: Դա Հայաստանի իշխանութիւնների պարտականութիւնն է, եւ որքան լաւ կատարենք մեր պարտքը, մեր պարտականութիւնը, այնքան բոլորիս համար էլ լաւ կը լինի: Մի համարէք, որ ձեզ լաւութիւն են անում: Գոնէ, նուազագոյնը բոլորը պարտաւոր են անել: Ես չեմ պատկերացնում, որ Հայաստանում երբեւէ կարող են իշխանութիւններ լինել, որ այդ նուազագոյնն էլ չանեն», ըսած է Սերժ Սարգսեան եւ կոչ ուղղած է չյուսահատելու ու փորձելու միացեալ ուժերով յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն։ «Մենք այդպիսի ճանապարհով վերջին 20-25 տարիների ընթացքում անցել ենք, անցել ենք շատ աւելի ցաւոտ ճանապարհներով: Ամէն ինչ լաւ է լինելու: Եւ իւրաքանչիւրը, ով կը մնայ կամ չի մնայ Հայաստանում, միեւնոյն է, որքան հնարաւորութիւն ունենք, օգնելու, օժանդակելու ենք», յայտնած է Հայաստանի նախագահը:

Հանրապետութեան ղեկավարը սուրիացի մեր բոլոր հայրենակիցներուն մաղթած է համբերութիւն եւ կամք՝ օրինակ բերելով իր փորձառութիւնը եւ արցախեան պայքարին ընթացքին բազում դժուարութիւններ դիմագրաւած բազում ընտանիքներու օրինակը։ «Այս փորձութիւնն էլ է անցնելու, պէտք է կարողանալ մեր ժողովրդին իւրայատուկ կամք ցուցադրել եւ ցուցաբերել, իսկ մենք՝ ձեզ բոլորիդ օգնական», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

comments