* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Ղարաբաղը Ի Վերջոյ Պիտի Մասնակցի Բանակցութիւններուն

Sunday, 26 July 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: bryza, azerbaijan, armenia, nkr, nagorno karabakh, minsk

ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա Ուրբաթ օր «Ազատութիւն» ռատիօկայանի ատրպեճանական ծառայութեան յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը, «Ուշ կամ կանուխ, անմիջականօրէն կը մասնակցի բանակցութիւններուն:

Պատասխանելով բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան վերաբերող հարցին՝ Պրայզա յայտնած է. «Անոնք նախապէս կը մասնակցէին բանակցութիւններուն, մինչեւ այն ատեն, երբ Հայաստանի ներկայացուցիչները որոշում կայացուցին, թէ իրենք կը ներկայացնեն ղարաբաղեան կողմը:

Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի գնահատումով, Ղարաբաղը բանակցային սեղան վերադարձնելու համար, պէտք է կայացուի փոխադարձ համաձայնութիւն»: Ան աւելցուցած է. «Մենք յոյս ունինք, որ այդ որոշումը կը կայացուի, եւ ինչ որ մի պահու, Ղարաբաղը բանակցութիւններուն պէտք է ուղղակիօրէն մասնակցի: Անուղղակիօրէն անոնք արդէն կը մասնակցին: Մենք կը ծանօթանանք անոնց կարծիքներուն, եւ, անշուշտ, մենք անոնց կարծիքն ալ պէտք է հաշուի առնենք բանակցութիւններուն մէջ: Հակառակ պարագային, անկարելի կը դառնայ լուծումը ընդունելի դարձնել ժողովուրդի մը համար, որուն վրայ անմիջական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Այն հարցին, թէ ո՞ր կողմը պէտք է առաջին քայլը առնէ փոխադարձ համաձայնութեան ընդառաջ, Պրայզան պատասխանած է. Կառուցողական կամ նոյնիսկ ազնիւ չըլլար խօսիլ այս կամ այն կողմի՝ առաջին քայլը կատարելու մասին: Հիմնարար սկզբունքները կը յորդորեն կողմերուն միաժամանակ քայլեր ձեռնարկել:

Ինչպէս Յուլիսի սկիզբը տուած իր հարցազրոյցի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք, 5 տարածքները՝ Ֆիզուլին, Աղդամը, Ճապրայիլը, Զանգելանը եւ Քուպաթլուն, Ատրպէյճանին կը վերադարձուին անմիջապէս, 2ը՝ Լաչինը եւ Քեալբաջարը՝ 5 տարի ետք: Այսինքն, անմիջապէս կ՛ըլլայ տարածքներու վերադարձ, բայց քանի մը շրջաններ աւելի ուշ կը վերադարձուին: Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանը նոյնպէս քայլերու կը ձեռնարկէ: Ասիկա, յատկապէս, Ալիեւի մեկնաբանութեան մէկ մասն է՝ Հայաստանը եւ Ղարաբաղը կապող միջանցքին մասին, ինչպէս նաեւ անոր պատկերացումները կամ առաջարկները՝ կարգավիճակին վերաբերեալ:

Պրայզա աւելցուցած է, որ «Եռանախագահները նոյնպէս կը խօսին միջանկեալ կարգավիճակի մասին: Այս ամէնը պէտք է կատարուի միաժամանակ, թէեւ ընդհանուր գործընթացի որոշ տարրեր կ՛իրագործուին փուլային տարբերակով: Եթէ հարցը լուծել կ՛ուզեն, ապա կողմերը պէտք է դիմեն ռիսկի (վտանգաւոր քայլի դիմեն-Խմբ.):

Պրայզայի կարծիքով, երկու նախագահներու պարագային ալ, դժուար է համոզել իրենց ժողովուրդները, որ պէտք է դիմել ռիսկի: Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկացի դիւանագէտի գնահատումով, անկարելի է հասնիլ համաձայնութեան, եթէ երկու երկիրներու հասարակութիւնները համաձայն չըլլան անոր:

Ըստ Պրայզայի, այս շաբաթավերջին երեք համանախագահները Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ պիտի հանդիպին՝ կատարելու համար մատրիտեան սկզբունքները վերախմբագրելու իրենց տրուած յանձնարարականը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement