Նախագահական Թեկնածու Մը Եւս

By Asbarez | Friday, 21 December 2012

Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեանը «Ուրբաթ» ա-կումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ կուսակցութիւնը որոշած է 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն  մասնակցիլ սեփական թեկնածուով: Կուսակցութեան որոշումով նախագահական թեկնածուն պիտի ըլլայ Արամ Յարութիւնեանը:

Յիշեցնենք, որ արդէն առաջադրուած են կամ առաջադրուելու միտում յայտնած են ՀՀԿէն Սերժ Սարգսեանը, «Ժառանգութենէն»՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, ինչպէս նաեւ մանկավարժ-պատմաբան Մարտիկ Սարգսեանը, Վարդան Սեդրակեանը, Մարքսիստական կուսակցութեան առաջնորդ Դաւիթ Յակոբեանը, Պարոյր Հայրիկեանը, Ազատութիւն կուսակցութենէն նախագահ Հրանտ Բագրատեանը, «Ազատ դեմոկրատներ»էն Անոյշ Սեդրակեանը, եւ Մամուլի ազգային ակումբի նախագահ Նարինէ Մկրտչեանը:

comments