By Asbarez | Wednesday, 26 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան ընդլայնուած նիստին ընթացքին որոշում տրուած է Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն սատարելու Սերժ Սարգսեանին:
Կուսակցութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հանրապետական վարչութեան ընդլայնուած նիստի օրակարգին վրայ կար մէկ կէտ՝ կուսակցութեան դիրքորոշումը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն գծով:
«Նիստի աւարտին ընդունուեց որոշում, որը վարչութիւնը լիազօրուած է յայտարարելու Հայաստանում եւ Սփիւռքում գործող Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ղեկավար մարմինների անունից Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, նկատի առնելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի արդիւնաւէտ եւ հաւասարակշռուած քաղաքական գործունէութիւնը, որի արդիւնքում Հայաստանի Հանրապետութիւնն աստիճանաբար բարելաւում է իր տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւնը, որոշում է պաշտպանել նրա թեկնածութիւնը եւ սատարել նրան ընտրութիւնների ընթացքում:
Միաժամանակ կուսակցութիւնը ակնկալում է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ապագայ նախագահական ժամանակահատուածում եւս կ՛անի ամէն հնարաւորը ժողովրդի կենսամակարդակի բարձրացման, արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները արժանավայել դիմագրաւելու, արցախեան խնդիրը արդարացի կարգաւորելու եւ Հայ Դատին նպաստաւոր լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ», նշուած է որոշումին մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ