By Asbarez | Wednesday, 26 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Երկիր».– 26 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է. «Եթէ ՀՅԴն թեկնածու չի առաջադրում նախագահական ընտրութիւններում, դա չի նշանակում, որ մի կողմ են քաշուելու այս ընտրական գործընթացներից»։
Անոր համաձայն, այսպիսով աւելի անաչառ եւ աւելի անկողմնակալ կեցուածքով պիտի անդրադառնան առկայ խնդիրներուն եւ պիտի պահանջէ, որ ընտրութիւններուն մասնակցողները հաշուի նստին հասարակական այն պահանջներուն հետ, որոնք ներկայացուած են իրենց առաջադրած եօթը կէտերուն մէջ։ Ան նշած է, որ ատիկա պէտք է դառնայ ուղենիշ եւ ապագայ նախագահը պէտք է նկատի ունենայ այդ առաջարկները։
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան իր կարգին աւելցուցած է, որ Գերագոյն Մարմինի ժողովին բոլորը նոյն կարծիքը չունէին ընդունուած որոշումին շուրջ, սակայն գերակշիռ մասը կողմ եղած է այս որոշմանը: Ան նաեւ պարզաբանած է, թէ ինչո՛ւ որոշած են չմասնակցիլ ընտրութիւններուն՝ նշելով չորս հիմնական պատճառներ։
Աղուան Վարդանեան ընդգծած է, թէ առաջին պատճառը այն է, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները ստուերային են, եւ կարելի չէ այդ երեւոյթը փոխել։
Երկրորդ պատճառը այն է, որ կարելի չէ եղած ընդդիմադիր միասնական ճակատ ձեւաւորել։
Երրորդ՝ մասնակցելով ինքնանպատակ, կանխորոշուած ընտրութիւններու, կը նշանակէր գծուած բեմագրութեան մաս կազմել, իսկ ՀՅԴն ոեւէ մէկուն բեմագրութիւններուն մաս չի կազմեր: Եւ չորրորդ՝ լուրջ քաղաքական ուժերը իրենց մօտեցումները եւ դիրքորոշումը չեն ներկայացներ ու իրականութիւն չեն դարձներ միայն ընտրութիւններուն ընթացքին՝ քարոզարշաւի միջոցով:
«Իսկ, թէ ինչու չբոյկոտեցինք ընտրութիւնները, ապա դա իմաստ կ՛ունենար, եթէ ընդհանուր ընդդիմադիր ուժերի բոյկոտ լինէր», աւելցուցած է Աղուան Վարդանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ