By Asbarez | Thursday, 27 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Մարդիկ», «Արմէնփրէս».– ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 27 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստանի պարզած իրավիճակին, յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան մէջ արձանագրուած թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, որոնք իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցած են երկրին ներքին ու արտաքին կեանքին վրայ։
«Հայաստանը յստակ արտաքին քաղաքականութիւն չի վարում», դիտել տուած է ան՝ հաստատելով, որ այս թերացումը առնչուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան։
«Եթէ չունենք ԱԳՆ, դա գալիս է նաեւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարած քաղաքականութիւնից: Յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան մէջ ոմանք շատ ակտիւ են, ոմանք էլ անձնական հարցեր են փորձում լուծել իբրեւ դեսպան», շեշտած է բանախօսը՝ աւելցնելով, որ նախորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցան կարգ մը իրադարձութիւններ, որոնք կրնային յօգուտ Հայաստանի ըլլալ, բայց այդպէս չեղաւ։
«Դա նաեւ վերաբերում է Հայոց Ցեղասպանութեանն ու հետեւանքների վերացմանը: Դեռեւս ոչ մի նախագահ յստակ քաղաքականութիւն այս ուղղութեամբ չի վարել», յայտնած է Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսայի առնչութեամբ Հայաստանը յստակ մարտավարական քայլերու չձեռնարկեց: «Որեւէ յստակ ուղի չընտրեց, հաշուի չառնելով այլ հաւանական սցենարների զարգացումները: Հայաստանն ընդհանրապէս չէր մտածում, որ Թուրքիան ամէն ինչ կ՛անի, որպէսզի խափանի այդ ծրագիրը», նշած է ան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին՝ Մանոյեան դիտել տուած է, որ 2013ի սկիզբը եւս այս գծով դրական բան կարելի չէ ակնկալել։ «Պարզ էր՝ ոչ մի առաջընթաց չէր լինելու, իսկ Հունգարիայի հետ գործարքը փակուղի մտցրեց այդ գործընթացը: Սակայն դա չի նշանակում, թէ մենք այլեւս անելիք չունենք: Մենք պէտք է մտածենք Ղարաբաղի իշխանութիւնների հետ աշխատանքի մասին, պէտք է արագացնենք Արցախի վերաբնակեցման տեմպերը, ինչպէս նաեւ աշխատանքներ տանենք Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչմանը հասնելու համար»:
Պատերազմի հաւանականութեան գծով Կ. Մանոյեան յայտնած է, որ այսօր եւս Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառնալիքներ ուղղել եւ խախտել զինադադարի դրութիւնը. կացութիւն մը, որ կրնայ պատերազմի առաջնորդել։ «Պատերազմի հաւանականութիւնը կանխուեց այնքանով, որքանով որ միայն Հայաստանին յաջողուեց դա իրականացնել: Խաղաղապահի դեր առայժմ միայն Հայաստանն է ստանձնում: Ադրբեջանն այսօր էլ շարունակում է իր ռազմատենչ քաղաքականութիւնը վարել, որը կարող է վերաճել պատերազմի», նշած է ան։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի դիրքորոշման ու տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն՝ Մանոյեան դիտել տուած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ հակահայկական քաղաքականութիւն վարել։ «Ամէն կերպ փորձում է միջազգային հանրութեանը կաշառել», հաստատած է ան։
Տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին խօսելով՝ Կ. Մանոյեան յայտնած է, որ Հայաստանի համար անոնք լուրջ մարտահրաւէրներ էին: «Յատկապէս Սիրիայում տեղի ունեցող գործընթացներն այսօր էլ Հայաստանի համար սպառնալիք եւ լուրջ մարտահրաւէրներ են։ Պէտք է նշեմ, որ մեր իշխանութիւններն ամէն ինչ արել են եւ շարունակում են անել, որպէսզի հայրենիքում ապաստան գտած սիրիահայերն իրենց ապահով զգան»։ Անոր համաձայն, արտաքին քաղաքականութեան բարելաւման համար կան երկու կարեւոր գործօններ, որոնք պէտք է միշտ պահպանուին. «Իշխանութիւնները ներսում չպէտք է ներքին կոնֆլիկտ առաջացնեն եւ արտաքին մարտահրաւէրներին ու զարգացումներին չպէտք է զոհ գնան»:
Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգման հեռանկարներուն մասին՝ ան ընդգծած է, որ այդ ուղղութեամբ շատ բան չէ փոխուած՝ հիմնականին մէջ Թուրքիոյ պատճառով, որ երրորդ երկրի միջնորդութեամբ կը փորձէ հասնել հարցի լուծման:
Բայց եւ այնպէս Մանոյեան նշած է, որ նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստանի վարած քաղաքականութեան մէջ արձանագրուած են որոշ ձեռքբերումներ՝ շեշտելով, որ կարեւոր ձեռքբերում կարելի է նկատել Եւրամիութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը եւ արտօնագիրներ ստանալու դիւրացման համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:
Մանոյեանը նաեւ ողջունելի նկատած է Իրանի հետ Հայաստանի սերտ համագործակցութիւնը, յատկապէս առեւտրային, տնտեսական եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ տարի եւս այդ գործակցութիւնը նոր թափով կը շարունակուի։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ