Կառավարութիւնը Պատրաստ Է Հարկային Արտօնութիւններ Տրամադրելու Սուրիահայերուն

By Asbarez | Friday, 28 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 28 Դեկտեմբերին սուրիահայ ուսանողներուն յանձնուեցան կառավարութեան կողմէ յատկացուած կրթաթոշականեր՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, որ դիտել տուած է, թէ բազմազան ծրագիրներ կը մշակուին՝ սուրիահայերուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: «Մենք պէտք է լինենք իւրաքանչիւր սիրիահայի կողքին, հասկանանք՝ ինչով կարող ենք օգտակար լինել: Ներկայում շուրջ 7000 սիրիահայեր են գտնւում Հայաստանում, նրանցից շատեր այսօր իրենց ապագան կապում են Հայաստանի հետ, մտածում են այստեղ աշխատանք ունենալու, երեխաներին կրթութեան տալու մասին», յայտնած է կառավարութեան ղեկավարը:

Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն՝ սուրիահայերուն համար նոր աշխատատեղեր գտնելու եւ վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպելու համար: Վարչապետը յիշեցուցած է, որ սուրիահայ երեխաներուն համար նոյնպէս բազմաբնոյթ ծրագիրներ կը գործադրուին՝ կարեւորութեամբ անդրադառնալով ամառնային ճամբարներու կազմակերպման, որոնց իբրեւ արդիւնք հարիւրաւոր սուրիահայ երեխաներ կրցան առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան գալու ծանօթանալ հայրենիքին եւ հայկական միջավայրին:

«Քաջատեղեակ եմ, որ կան բազմաթիւ այլ խնդիրներ, որտեղ պէտք է նաեւ պետութեան օժանդակութիւնը: Մենք սիրիահայերին տրամադրում ենք անվճար հարթարկներ, որտեղ կարող են ստեղծուել արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ: Մենք պատրաստ ենք տրամադրել նաեւ հարկային արտօնութիւններ՝ առեւտրով զբաղուողների կամ որոշակի նիւթական միջոցներ Հայաստան տեղափոխող սիրահայերի համար, ովքեր ցանկանում են այդ միջոցները ժամանակաւորապէս ներմուծել Հայաստան՝ հետագայում իրենց բիզնեսը կազմակերպելու համար: Կան բազմաթիւ գործիքներ եւս, որոնք օգտագործելու է պետութիւնը», դիտել տուած է վարչապետը: Կառավարութեան ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ այս բոլորը անպայման իրենց արդիւնքը պիտի տան:

comments