By Asbarez | Thursday, 03 January 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յանձնած է կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ինքնառաջադրման փաստաթուղթերը՝ նախագահական ընտրութիւններուն։
Ան համոզուած է, որ միայն Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու Հրանտ Բագրատեանի մասնակցութիւնը մրցակցային ընտրութիւններ կը խոստանայ:
«Րաֆֆի Յովհաննէսեանը մտել է մրցապայքարի յաղթելու ու իրավիճակ փոխելու համար: Իսկ այն, որ մեր յարգարժան գործընկերները չեն մասնակցում, այլ քննարկման նիւթ է ու ոչ հիմա: Մենք ճանապարհ ենք սկսել ու այդ ճանապարհով շարժուելու ենք առաջ», «Առաւօտ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փոխանցած է Մարտիրոսեան:
Ան յայտնած է, որ յատուկ եւ մեծ ջանքեր պիտի չգործադրեն՝ ընդդիմադիր ընտրազանգուածին ձայները իրենց օգտին հաւաքագրելու համար. «Ընդամէնը ցանկանալու ենք, որ մեր քաղաքացիները համախմբուեն Րաֆֆի Յովհաննէսեանի՝ Նոր Հայաստանի ծրագրի շուրջ: Այդ ուղղութեամբ է, որ աշխատանք ենք տանելու: Թէ տարբեր քաղաքական ուժերի համակիրներ կը միանան այս միջոցառմանը, քարոզարշաւին ցոյց կը տայ ժամանակը, բայց այնպէս չէ, որ «Ժառանգութիւն»ը հզօր ուժ չէ: Չնայած նրան, որ «Ժառանգութիւն»ը Մայիսի 6ին բազմաթիւ հարուածներ կերաւ, սեւ «փի.ար.» իրականացուեց, մենք էլ որպէս կուսակցութիւն կազմակերպչական ու այլ առումներով բացթողումներ ունեցանք , միեւնոյնն է, ժամանակը ցոյց տուեց, որ «Ժառանգութիւն»ը խոշոր քաղաքական ուժ է: Ըստ էութեան, 5 տարի շարունակ հարուածներ կրելով տարբեր դաշտերից՝ շատ յաճախ նաեւ ընդդիմադիր դաշտից, ժամանակը ցոյց տուեց՝ «Ժառանգութիւն»ը հասարակութեան կողմից աջակցութեան արժանի քաղաքական ուժ է, եւ այդ աջակցութիւնն առարկայական է»:
Ներկայ դրութեամբ, բացի Րաֆֆի Յովհաննէսեանէն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին իրենց առաջադրման փաստաթուղթերը ներկայացուցած են 12 թեկնածուներ՝ Հրանտ Բագրատեանը, Արման Մելիքեանը, Պաւլիկ Սարգսեանը, Նարինէ Մկրտչեանը, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Պարոյր Հայրիկեանը, Վարդան Սեդրակեանը, Մհեր Հայրապետեանը, Արամ Յարութիւնեանը, Անդրիաս Ղուկասեանը, Տարօն Աբրահամեանը եւ Ռոբերտ Ահարոնեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ