By Asbarez | Thursday, 03 January 2013
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախի Հեռատեսիլ».- Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր եւ Կովսական քաղաքներուն մէջ Նոր տարուան տօնակատարութիւնը արդէն չորրորդ տարին ըլլալով ունի նոր երանգներ, զորս 2009ին իրենց հետ բերած են շրջան եկած առաջին սուրիահայերը։ 2012 թուականին անոնց թիւը հասած է շուրջ 30ի։ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով վերջերս աւելցած է սուրիահայութեան հոսքը դէպի Արցախ. երբեմն անոնք կու գան առանց ապրուստի պայմաններու առկայութեան, պարզապէս իրենց պայուսակներով, Արցախի մէջ նոր կեանք սկսելու։
Դեկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի վերահսկողական ծառայութեան հիման վրայ ձեւաւորուած յատուկ աշխատանքնային խումբի անդամները հանդիպումներ ունեցած են Քաշաթաղի շրջանի նոր բնակիչներուն հետ՝ ուսումնասիրելով անոնց հրատապ լուծման կարիք ունեցող խնդիրները: Ամանորի նախօրեակին խումբին անդամները արդէն իսկ կրցան ապրանքներու առաջին խումբը հասցնել Կովսական եւ Բերձոր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ