Մանոյեան. «Ցեղասպանութեան Հատուցման Հարցը 2013ին Հայ Դատի Յանձնախմբերի Գործունէութեան Կարեւոր Կէտը Կը Լինի»

By Asbarez | Tuesday, 08 January 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը 2013ին պիտի ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ, յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան՝ պատասխանելով «Թերթ»ին այն հարցումին, թէ այս տարի ի՞նչ պիտի ըլլան Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գերակայութիւնները։

«Այս տարի Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզ համար նոյնպէս կը շարունակի կարեւոր լինել, բայց հատուցման հարցով արդէն կարեւոր է սահմանում մշակել», նշած է ան՝ հաստատելով, որ ցարդ Հայ Դատի տարած աշխատանքները մեծապէս պիտի նպաստեն այս իմաստով։

Անոր համաձայն, Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կարելիութիւնները բաւական մեծ են այս իմաստով, քանի որ անոնք կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ նման կարելիութիւններ չունին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ «Ճիշտ է, լոբբինգի իրականացման վերջիններիս ճիգերը մեծ են, բայց արդիւնքները մեծ չեն: Դրա պատճառներից մէկը հարցերի էութիւնն է, իսկ մեր խնդիրները ճշմարիտ են», նկատել տուած է ան՝ նշելով, որ Հայաստանի պետութիւնը այդ ուղղութեամբ կրնայ աւելին ընել եւ պիտի ընէ։

Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն միւս գործունէութիւնը 2013ին եւս պիտի շարունակուի նոյն ուղղութեամբ, որ արդէն որդեգրուած է։ Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, այդ ուղղութիւնները պիտի ըլլան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան աջակցութիւն ցուցաբերել, այսինքն՝ նպաստել Հայաստանի եւ տուեալ երկիրի յարաբերութիւններու զարգացման, երկրորդ՝ աշխատանքներ տանիլ Արցախի ուղղութեամբ, յատուկ կերպով շեշտը դնելով Արցախի անկախութեան ճանաչման վրայ, իսկ երրորդ՝ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդիրներու կարգաւորման նպատակով աշխատանքներ ծաւալել:

Անոր համաձայն, 2013ի սկիզբը իրենք նաեւ պիտի զբաղին սուրիահայերու խնդիրներով,  անոնց մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու աշխատանքներ պիտի տանին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement