By Asbarez | Tuesday, 08 January 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը փափաքի տեսնել երկխօսութեան ուղիով եւ պատրաստ է այդ գործընթացին մէջ ամէն տեսակի օգնութիւն ցուցաբերելու հակամարտութեան կողմերուն. այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ռամին Մեհմանփարաստ:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ այլ խնդիրներ կրնան լուծուիլ՝ տարածաշրջանին վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու օգնութեամբ: Մենք կը հաւատանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւս կրնայ լուծուիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան ճանապարհով», ընդգծած է ան, որուն համաձայն՝ Իրան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով կրնայ հանդէս գալ միջնորդ պետութեան դերով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար:
«Մենք պէտք է ընենք մեր կարելին, որպէսզի կանխենք տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեանց սրումը, քանի որ մարդիկ կը տառապին: Իրան պատրաստ է մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման», եզրակացուցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ