By Asbarez | Friday, 18 January 2013
Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած է, թէ ինք դէմ է, որ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ընթացքին իրեն ընկերակցին ոստիկաններ, անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներ: Րաֆֆի Յովհաննէսեան յաջողութիւն մաղթած է իր մրցակիցներուն՝ կոչ ուղղելով արդար, հաւասար, արժանապատիւ եւ մրցակցային պայքարի մթնոլորտի ստեղծման:
«Եթէ Սերժ Սարգսեանը ցանկանում է ազատ, արդար ընտրութիւններ, պէտք է բացառի օրէնքի խախտումը, թոյլ չտայ, որ որեւէ մէկը խախտի ընտրական օրէնսգիրքը, օրէնսդրութիւնը», յայտնած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան. «Իմ հիմնական մրցակցին՝ պարոն նախագահին, հրաւիրում եմ հրապարակային բանավէճի՝ բացօթեայ, կամ հեռուստատեսային»:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը նաեւ դիմած է Սերժ Սարգսեանին՝ կոչ ուղղելով, որ ան կեանքի կոչէ իր ներկայացուցած 15 կէտերը. «Մենք ունենալու ենք շարժունակ քարոզարշաւ, եւ այդպիսին կը լինեն նաեւ մեր շտաբները: Քարոզարշաւի պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ շտաբի գաղափարական պետը ես եմ լինելու, կազմակերպչական հարցերով պատասխանատուին անունը կը յայտարարուի Կիրակի օրը», ըսած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ