By Asbarez | Thursday, 31 January 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական».– Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը ԵԽԽՎի ձմեռային նստաշրջանի նիստերուն ընթացքին՝ խօսելով Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասին՝ նշած է, որ խորհրդարանական հզօր ուժերը ընտրութիւններուն չմասնակցիլը կը յուշէ, որ սխալ բան մը կայ, ժողովուրդին 80 տոկոսը չի հաւատար արդիւնքներուն, եւ ընտրութիւններով վիճակ չի փոխուիր:
«Այս ամէնի արդիւնքում ընտրութեանը մասնակցելը ինքնանպատակ է: Մենք չմասնակցելով՝ աւելի լաւ ենք պայքարում եւ պայքարում ենք հիւանդութիւնը բուժելու համար, ցոյց ենք տալիս արատները, որ կան ընտրական գործընթացների մէջ», «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին «Երկրի հարցը» հաղորդման ընթացքին յայտնած է Արմէն Ռուստամեան: Ան նշած է, որ ՀՅԴն իր համակիրներուն յստակ ցուցումներ պիտի տայ, իսկ Ռուստամեան անձամբ պիտի երթայ եւ բոլորին դէմ պիտի քուէարկէ. «Ընտրութիւնների անիմաստութիւնն ապացուցելու համար անվաւեր եմ դարձնելու քուէաթերթիկը»: Իշխանութիւնը, անոր համաձայն, պոյքոթի իրաւական հիմքերը եւս վերցուցած է՝ «բոլորին դէմ» նշումը հանելով:
Ռուստամեանը ըսած է նաեւ, որ ՀՅԴն լռութեան մէջ չէ, աշխոյժ է եւ կը խօսի ընտրութիւններուն կեղծ ու ձեւական ըլլալուն մասին: Ի պատասխան Դիմատետրի ճամբով իրեն ուղղուած այն հարցումին, թէ մինչեւ երբ թշուառ վիճակի մէջ պիտի մնայ Դաշնակցութիւնը՝ Արմէն Ռուստամեան նշած է. «Դաշնակցութիւնը երբեք թշուառ վիճակում չի լինի, եթէ ժողովուրդը լաւ վիճակում է: Այս վիճակից դուրս գալու համար ներկայացրել ենք առաջարկութիւններ: Պէտք է նախագահական ընտրութիւների գնալ մէկ ծրագրով, մէկ թեկնածուով, եւ կը լինի իրական ընտրութիւն»: Ան ըսած է, որ ընտրութեան մասնակցողները հիմնականօրէն կը մեղադրեն չմասնակցողները, քան իշխանութիւնները, որոնք ստեղծած են այս վիճակը. «Մասնակցողները թող փոխեն, դաշտը թողել ենք կտրիճներին: Մեր էլեկտորատը չի ուզում ձեւական մասնակցութիւն, ուզում է մեր մասնակցութեամբ եղանակ փոխել», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ չ՛արժեր 10-15 տոկոսի համար մասնակցել ընտրութեան եւ ընտրողը հիասթափեցնել:
Ա. Ռուստամեան ըսած է նաեւ, որ թեկնածուները, ովքեր նախապէս նշել էին, թէ ընդունում են ՀՅԴի առաջարկած 7 կէտերը, պէտք է այդ դրոյթները դարձնէին իրենց ծրագրային հենքը, այլապէս ստացւում է, որ իրենք կողմ էին 7 կէտերին՝ ՀՅԴի սատարմանն արժանանալու համար:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը հերքած է այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, որոշ դաշնակցականներ կ՛աշխատին իշխանական թեկնածուին օգտին. ան նշած է, ոչ մէկ դաշնակցական ոեւէ թեկնածուի օգտին կ՛աշխատի, իսկ իշխանութեան թեկնածուին սատարելը բացառուած է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ