By Asbarez | Thursday, 31 January 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիոյ մէջ տիրող ներքաղաքական պատերազմի պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ բժիշկներուն մէկ մասը արդէն աշխատանք գտած է։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Անձնակազմի կառավարման վարչութեան պետ Սամուէլ Սողոմոնեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ աշխատանք գտած բժիշկներուն պաշտօնական թիւը 22 է, սակայն կան նաեւ այլ մասնագէտներ, որոնք իրենց ճամբով աշխատանքի չեն կանչուած, ուստի իրենց ցանկերուն մէջ չեն արձանագրուած։
«Բժիշկներ ունենք ոչ միայն Երեւանում, այլ նաեւ մարզերում՝ Արագածոտնում, Շիրակում, Լոռիում եւ այլն: Նրանք մանկաբոյժներ են, սրտաբաններ, թերապեւտներ, գինեկոլոգներ, ինչպէս նաեւ լաբորատորիայի բուժքոյրեր», յայտնած է Սամուէլ Սողոմոնեանը: Վարչութեան պետին համաձայն, սուրիահայ բժիշկները ընդհանրապէս յարմարող են եւ արդէն գոհ են իրենց կացութենէն։ Սակայն կան նաեւ մասնագէտներ, որոնք չեն բաւարարուիր իրենց աշխատավարձի չափով, քանի որ Սուրիոյ մէջ շատ բարձր գիներով կը վարձատրուին: «Չնայած աշխատավարձի չափին՝ բոլորն էլ նուիրուած են իրենց գործին եւ լաւ մասնագէտներ են: Նոյնիսկ նրանց մի մասն արդէն ունեն մշտական յաճախորդները: Օրինակ՝ Ստեփանաւանում ունենք մանկաբոյժ, ով մի ամբողջ թաղամաս է սպասարկում, Թալինում՝ սրտաբան, ով կարճ ժամանակահատուածում կարողացել է վստահութիւն ներշնչել եւ գրագէտ բժշկի համբաւ ձեռք բերել», շեշտած է Սողոմոնեան:
Սուրիահայ բժիշկները Հայաստանի մէջ աշխատանքի ընդունուելէ առաջ վերապատրաստուած են հանրապետութեան լաւագոյն մասնագէտներուն մօտ, ծանօթացել են աշխատելաոճին:
1963 թուականին, երբ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը տուաւ իր առաջին շրջանաւարտները, անոնց կարգին կային սուրիահայեր։ ԵՊԲՀի նախագահ Երուանդ Սահակեանի համաձայն, այդ թուականէն մինչեւ 2010 թուական սուրիացի շրջանաւարտներուն թիւը կազմած է շուրջ 700, որմէ 600ը սուրիահայեր եղած են: Նախորդ տարի համալսարանը ունեցած է հինգ սուրիահայ շրջանաւարտ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ