By Asbarez | Thursday, 31 January 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– Գոհար Աբրահամեան կը գրէ, թէ նախորդ տարուան աշնան արտաքին գործոց նախկին նախարարին դէմ յարուցած քրէական գործը, որ նախագահական ընտրութիւններու ստուերին տակ կարծես մոռցուած էր, կրկին յիշատակուեցաւ 31 Յունուարին՝ Օսկանեանի հիմնած հիմնադրամի 5ամեակին առիթով կայացած ձեռնարկին ընթացքին, երբ Օսկանեան յայտնեց, որ զինք կրկին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն կանչած են:
«Այդ գործընթացը դեռեւս շարունակւում է, եւ մարդկանց պարբերաբար կանչում են հարցաքննութեան: «Սիվիլիթաս»ի մասով արդէն սկսել են տարբեր ծրագրերի մէջ խորանալ. մինչեւ ուր կը հասնի՝ չգիտեմ», յայտարարած է Օսկանեան՝ աւելցնելով, որ ինչպէս գործընթացին սկիզբը, այնպէս ալ հիմա վստահ է, որ ասիկա քաղաքական սկիզբ ունեցած է եւ հիմա կը շարունակուի, անկախ անկէ, որ ի՛նչ զարգացումներ տեղի ունեցան այդ ժամանակաշրջանին:
Օսկանեան ըսած է, որ այժմ ԱԱԾն հետաքրքրուած է սահմանամերձ երկու գիւղերու մէջ 2009ին «Սիվիլիթաս»ի իրականացուցած ջրամատակարարման ծրագիրով, որմէ իբր թէ հիմնադրամը «ատկատ» առած է:
«Սկսել են խորանալ բոլոր մանրուքների մէջ, որը, ես կարծում եմ՝ չափն անցնել է նշանակում: Սա արդէն «Սիվիլիթաս»ի գործունէութեանն է խանգարում: Մինչեւ ո՞ւր են տանելու՝ դժուարանում եմ ասել», յայտնած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորը:
Օսկանեանի փաստաբան Տիգրան Աթանէսեանը «Արմէնիա Նաու»ին յայտնած է, որ ասիկա «գործ չէ, այլ ֆարս, եւ կարելի է ամէն պահ կարճել»:
«Ինձ համար աւելի հեշտ է կանխատեսել յառաջիկայ օրերի եղանակը, քան հասկանալ, թէ ի՛նչ կարող է լինել այս գործը, քանի որ ԱԱԾում երեւակայութիւնն անսահման է, ինչ որոշեն՝ կարող են անել», յայտնած է Աթանէսեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ