«Զուարթնոց»ը Նկատուած Է ԱՊՀի Լաւագոյն Օդակայանը

By Asbarez | Thursday, 31 January 2013

 

«Զուարթնոց»ը նկատուած է ԱՊՀի լաւագոյն օդակայանը «Զարգացող օդակայաններու 2րդ տարեկան համաժողով-ցուցահանդէս 2013»ին ընթացքին:

30 Յունուարին Տուպայի մէջ հրապարակուած են աւելի քան 20 անուանակարգերու մէջ կատարուած քուէարկութիւններուն արդիւնքները: Կային տարբեր բաժանմունքներ՝ «Աշխարհի լաւագոյն օդակայան», «Միջին Արեւելքի լաւագոյն օդակայան», «Եւրոպայի լաւագոյն օդակայան» եւ այլն: Ըստ «ԱՊՀի, Ռուսիոյ եւ Պալթեան երկիրներու լաւագոյն օդակայան» բաժանմունքի քուէարկութեան արդիւնքներուն, Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը լաւագոյնը նկատուած է ԱՊՀի տարածաշրջանին մէջ:

«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը Տուպայի մէջ գործող «Արապիըն ռի»չ կազմակերպութեան կողմէ առաջադրուած էր «Զարգացող շուկաներու օդակայաններ» մրցանակաբաշխութեան:

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Հայաստանի մրցանակը ստանձնած է «Արմէնիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մարսելօ Վենդեն:

comments