Հայկական Բանակը Կը Հակազդէ Ատրպէյճանի Սադրանքին

By Asbarez | Monday, 24 January 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանի հարաւային գիծի վրայ, Յունուար 20ին թշնամի ուժերը խախտելով հրադադարը՝ յարձակում գործած են հայկական դիրքերու վրայ: Հորադիզի շրջանին մէջ ատրպեճանական կողմի կրակոցներուն պատճառով զոհուած է ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինուոր Յովիկ Մկրտիչի Սուքիասեանը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան այս միջադէպին անդրադառնալով՝ տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, որ հայկական զինուած ուժերը թշնամիին տուած են արժանի հակահարուած եւ որ ատրպեճանական կողմի զոհերուն թիւը եւ անունները յայտնի չեն:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ ծառայութեան փոխտնօրէն Թէյմուր Ապտուլլա պնդած է, որ ատրպեճանական կողմը միայն մէկ վիրաւոր ունեցած է:

comments