By Asbarez | Friday, 01 February 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ոստիկանութիւնը մեծ ափսոսանք յայտնած է Հայաստանի նախագահական թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի նկատմամբ կատարուած զինուած ոտնձգութեան գծով: Այս մասին նշուած է Հայաստանի ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ պիտի դիմէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ ապօրինութիւնները կանխարգիլել եւ բացայայտելու համար:
«Հայաստանի ոստիկանութիւնը, կարեւորելով ընտրական գործընթացների բնականոն ընթացքի ապահովումը, դեռեւս սոյն թուականի Յունուարի 17ի իր յայտարարութեան մէջ պատրաստակամութիւն էր յայտնել երաշխաւորելու ՀՀ նախագահի թեկնածուների անվտանգութիւնը, մասնաւորապէս՝ ըստ իրենց դիմումի նրանց տրամադրելով ուղեկցող ծառայողներ:
«Հայաստանի ոստիկանութիւնը եւս մէկ անգամ յայտնում է իր պատրաստակամութիւնը՝ իր լիազօրութիւնների շրջանակում երաշխաւորելու նախագահի բոլոր թեկնածուների անվտանգութիւնը եւ կոչ է անում նրանց օգտուելու այդ հնարաւորութիւնից», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ