Ատրպէյճան Դժգոհ Է Փարիզեան Հանդիպումէն

By Asbarez | Monday, 04 February 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Արմէն Քոլոյեան կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով 4 Փետրուարին յայտարարած է, թէ պաշտօնական Պաքուն չի կրնար բաւարար նկատել 28 Յունուարին Փարիզի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հանդիպման արդիւնքները: Ան ըսած է, թէ հանդիպումը «ոչինչով կը տարբերի նախորդներէն»:

Ազիմով ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ նոր նախաձեռնութիւն ներկայացնելու փաստին կարեւորութիւնը:

«Ատրպէյճանական կողմը հանդէս եկած է առաջարկով, սակայն, դժբախտաբար, Հայաստանը զայն չէ ընդունած եւ ղարաբաղեան հարցին մէջ կը շարունակէ կառչած մնալ իր աւանդական դիրքորոշման: Այս տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ, թերեւս անկէ ետք բան մը կը փոխուի», յայտնած է Ազիմովը եւ աւելցուցած, թէ կողմերը պէտք է միասնաբար աշխատին Մինսկի խումբին հետ:

Արտաքին գործոց փոխնախարարին համաձայն, Հայաստանը «կը փորձէ ժամանակ շահիլ՝ չգիտակցելով, որ ժամանակը իր դէմ կ՛աշխատի»:

«Եթէ զիրենք կը հետաքրքրէ այն, թէ ով շահած եւ ով պարտուած է այս հարցին մէջ, ապա թող համեմատեն իրենց զարգացումը Ատրպէյճանի զարգացման հետ: Թող ոչ ոք կասկածի, որ մենք այս կամ այն ձեւով պիտի վերադարձնենք մեր գրաւուած տարածքները, ուստի մենք կ՛առաջարկենք գործնական քայլեր իրականացնել», յայտարարած է ան:

Ազիմովը կ՛ենթադրէ, որ «համանախագահները, ամենայն հաւանականութեամբ, ապարդիւն կը նկատեն նաեւ 2013 թուականը, քանի որ այս տարի երկու երկիրներուն մէջ ալ նախագահական ընտրութիւններ պիտի կատարուին»։

Մինսկի խումբը, անոր համաձայն, նոր առաջարկներ չունի, բայց «կայ աշխոյժութիւն»:

«æանքեր ի գործ կը դրուին: Բանակցային գործընթացը «մեռեալ կէտէն» շարժելու համար խթան մը պէտք է», յայտնած է Ազիմովը՝ պնդելով, որ 2010 թուականին Հայաստան մերժած է համանախագահներուն ներկայացուցած հիմնարար սկզբունքներու նախագիծը: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ երկամեայ միջնորդութիւնն ալ արդիւնք չտուաւ:

«Այլ խօսքով, 2010 թուականէն ի վեր ոչ մէկ յստակ ու ճշգրիտ զարգացում արձանագրուած է», Պաքուի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովը:

Անոր համաձայն, ժամանակը կ՛անցնի, խնդիրին լուծուած չըլլալու իրողութիւնը կ՛անհանգստացնէ թէ՛ Ատրպէյճանը, թէ՛ Ատրպէյճանին դիրքորոշման սատարող երկիրները, եւ թէ միջազգային այն կազմակերպութիւնները, որոնց կ՛անդամակցի Ատրպէյճան։

«Հայաստանի մեկուսացումը կը շարունակուի, անկէ դուրս գալու միակ ելքը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնն է»,  յայտարարած է Արազ Ազիմովը:

Ազիմով նաեւ անդրադարձած է Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկման հարցին՝ յայտնելով, թէ «Ատրպէյճան չի թոյլատրեր իր տարածքին մէջ ապօրինի թռիչքները»:

Ան ըսած է, որ Ատրպէյճան մտադիր չէ քաղաքացիական օդանաւեր վար առնել, սակայն «գոյութիւն ունին Շիքակոյի ուխտի համապատասխան դրոյթները, զորս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հաստատած է: Ապօրինի թռիչքը կասեցնելու համար օդանաւին համապատասխան օդանաւին մէջ վայրէջքի պարտադրումը նոյնպէս ներառուած է ուխտին մէջ», յայտնած է Ազիմով:

Օդակայանը վերագործարկելու Հայաստանի մտադրութիւնը, ըստ Արազ Ազիմովի, ապօրինի է, «աւելին՝ այստեղ կայ նաեւ քաղաքական եւ քարոզչական ենթիմաստ»:
«Թրենդ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Ազիմովը յայտնած է, որ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (ICAO)  եւ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան եւրոպական համաժողովը (ECAC) այս հարցին մէջ կը սատարեն Ատրպէյճանին։

comments