By Asbarez | Wednesday, 06 February 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Ի լուր».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Ի լուր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է նախագահական թեկնածու, ներկայի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախանցեալ օր կատարած այն յայտարարութեան, թէ «եղեռն» եւ «ցեղասպանութիւն» բառերը նոյնն են:
Ան հաստատած է, որ այս գնահատականը սխալ է, որովհետեւ Պարաք Օպաման «Մեծ Եղեռն» է ասել՝ խուսափելու համար «ցեղասպանութիւն» ասելուց»:
«Մի գուցէ մեր ոչ ճիշտ շեշտադրումների պատճառով Միացեալ Նահանգների նախագահն արտասանեց «Մեծ Եղեռն» բառը, բայց ոչ թէ իր գրասենեակում, այլ երկրի խորհրդարանում: Այնպէս որ՝ եթէ նա ասէր ցեղասպանութիւն, էլի դժգոհելու էինք, թէ ինչու 2 անգամ չասեց: 100րդ տարելիցով մենք չենք աւարտելու ճանաչման գործընթացը: 2015ը շատ էական ու կարեւոր հանգրուան է, բայց մենք պայքարելու ենք այնքան, որքան անհրաժեշտ է», յայտարարած էր Սերժ Սարգսեան:
Մանոյեան հաստատած է. «Ճիշդ է, «Մեծ Եղեռն» արտայայտութիւնը մենք էլ ենք գործածում, բայց ոչ «ցեղասպանութիւն» բառից խուսափելու համար, որը միջազգային իրաւունքի համաձայն՝ սահմանում է մարդկութեան դէմ իրականացուող յանցագործութիւնը»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ