By Asbarez | Friday, 15 February 2013
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը Փետրուար 15ին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի 18 Փետրուարին կայանալիք հայաստանեան նախագահական ընտրութիւններուն։ Յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի՝ անպայմանօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն, ձայն չտալու իշխանութեան թեկնածուին, այլ՝ ընտրելու քաղաքացիի խիղճին համապատասխան։
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Յարգելի՛ քաղաքացիներ,
«Հայաստանի նախագահի ընտրութեանը թեկնածու չառաջադրելու ՀՅԴի որոշման պատճառները ձեզ յայտնի են. միասնական քաղաքական օրակարգ ձեւաւորելու, ընդդիմադիր միասնական թեկնածու ունենալու մեր ջանքը արդիւնք չունեցաւ: Այդ պայմաններում անիմաստ էր մասնակցել մի միջոցառման, որի ելքը կանխորոշուած է: Նախընտրական այս ընթացքը նոյնպէս ընտրութիւնների «որակի» ապացոյցն է:
«Բայց կեանքը Փետրուարի 18ից յետոյ շարունակուելու է, ժողովրդին յուզող խնդիրները մնալու են օրակարգում, եւ մենք վստահ ենք, որ հայ հասարակութիւնն իր մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու ուժ է գտնելու, եւ վաղ թէ ուշ՝ հնարաւոր է դարձնելու ազատ, արդար, մրցակցային ընտրութիւնների անցկացումը:
«Մենք ձեզ յորդորում ենք Փետրուարի 18ին անպայման գնալ ընտրութեան, թոյլ չտալ, որ վերջնականապէս վարկաբեկուի այդ ինստիտուտը եւ ձեր ձայնն օգտագործուի իշխանութեան վերարտադրման համար: Ի վերջոյ, ժողովրդավարական Հայաստանը ժողովրդավարական ընտրութիւններով է կայանալու: Իբրեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ՝ մենք կոչ ենք անում՝ գնալ ընտրութեան, ձայն չտալ իշխանութեան թեկնածուին, քուէարկել ձեր խղճով ու ցանկութեամբ կամ քուէաթերթիկը անվաւեր դարձնել:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը շարունակելու է պայքարը՝ նպատակ ունենալով իր հռչակած քաղաքական օրակարգով արմատապէս շրջել անվստահութեան ու յուսալքութեան մթնոլորտը, երկիրը դուրս բերել բնականոն զարգացման հուն, ապահովել մեր քաղաքացիների բարեկեցիկ ու արժանապատիւ կեանքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ
15 Փետրուար 2013
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ