Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կեղծուած Կը Նկատէ Նախագահական Ընտրութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 20 February 2013



ԵՐԵՒԱՆ.–  18 Փետրուարի առա-ւօտեան ժամը 8ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին բացուեցան ընտրատեղամասերը՝ կատարելու համար Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնը. քուէարկութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:

Քուէաթերթիկներուն վրայ արձանագրուած էին 7 թեկնածուներու անուններ՝ Ազգային ժողովի Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազատութիւն կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, «Ռատիօ հայ»ի տնօրէն, քաղաքագէտ Անդրէաս Ղուկասեան, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան, Հայաստանի գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեան, ոչ մէկ տեղ աշխատող եւ իբրեւ դիւցազնագէտ ներկայացող Վարդան Սեդրակեան:

Սահմանադրութեան համաձայն, 5 տարուան համար նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որուն թեր կը քուէարկեն բոլոր թեկնածուներուն թեր քուէարկած ընտրողներու թիւին կէսէն աւելին:

Հայաստանի Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովին անդամներուն կողմէ 19 Փետրուարին հրապարակուած նախնական արդիւնքներուն համաձայն, ընտրութիւններուն ընտրողներուն թիւը կազմած է 2 միլիոն 529 հազար 016 անձ, որոնցմէ ընտրութիւններուն մասնակցած է 1 միլիոն 521 հազար 931 անձ կամ ընտրողներուն 61.18 տոկոսը։

Նախնական տուեալներով, բոլոր 1988 ընտրական տեղամասերուն մէջ քուէաթերթիկներու գումարումին արդիւնքին համաձայն, Սերժ Սարգսեան ստացած է 861,378 քուէ (58.64 տոկոս), Րաֆֆի Յովհաննէսեան՝ 539,674 (36.74 տոկոս), Հրանտ Բագրատեան՝ 31,643 (2.15 տոկոս), Պարոյր Հայրիկեան՝ 18,093 (1.23 տոկոս), Անդրէաս Ղուկասեան՝ 8328 (0.57 տոկոս), Արման Մելիքեան 3520 (0.24 տոկոս) եւ Վարդան Սեդրակեան 6203 (0.42 տոկոս)։

Քուէաթերթիկներուն 1,519,645ը վաւերացուած են, անճիշդ նկատուած են 743, իսկ անվաւեր՝ 50,992։

Նախագահական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին 25 Փետրուար 2013ին։
Հայաստանի գործող նախագահ, նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեան եւ անոր տիկինը՝ Ռիթա Սարգսեան 18 Փետրուարին քուէարկեցին Երեւանի Սպենդեարեանի անուան թիւ 24 դպրոցին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամասին մէջ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է, Սերժ Սարգսեան յայտնեց. «Քուէարկել եմ Հայաստանի ապագայի համար, քուէարկել եմ ապահով Հայաստանի համար, մեր քաղաքացիների ու մեր ընտանիքների ապահովութեան համար»:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ընտրութիւններուն ընթացքը եւ արդեօք ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու իր յորդորները տեղ հասա՞ծ են, Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ատիկա յստակ կը դառնայ, երբ ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտարարուին:

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, արտաքին գործոց նախկին նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան սովորութեան համաձայն, քալելով, ճամբան հանդիպած մարդոց բարեւելով հասաւ Երեւանի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թիւ 157 միջնակարգ դպրոցի շէնքին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամաս:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալիքներով իր ընտրութիւնը կատարած է, նախագահի թեկնածուն յայտնեց, որ արդէն յստակ կը դառնայ, որ Հայաստան եւ Հայաստանի ժողովուրդը կը նշէ իր ոգիի եւ ճշմարտութեան արշալոյսը: «Այսօր արդէն ակնյայտ է դառնում, որ Հայաստանը եւ Հայաստանի ժողովուրդը նշում է իր ոգու եւ ճշմարտութեան արշալոյսը, մենք արշալոյսի մէջ ենք։ Մեր նորագոյն պատմութեան ամենաբախտորոշ օրն է այսօր, եւ սա այն օրն է, երբ ժողովուրդը վերջապէս՝ 20 տարուան ընթացքում առաջին անգամ, պիտի նշի ոչ թէ ինչ-որ մէկի յաղթանակը եւ միւսի պարտութիւնը, այլ՝ իրեն պատկանող ընտրութեան արդիւնքը, առաջին անգամ»:

Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ ինք կ՛ողջունէ բոլոր թեկնածուները, յաջողութիւն կը մաղթէ անոնց: Ըստ անոր, շատ մրցունակ պայքար եղած է, բայց բոլորին համար յստակ է, որ ժողովուրդը կողմնորոշուած է յաղթանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման օգտին:

«Ես առաջին հերթին դիմում եմ իմ հիմնական մրցակից՝ շատ յարգարժան գործող նախագահ պարոն Սարգսեանին. աւելի հերոսական, քան այն մեծ աւանդը, որ ինքը ունեցել է Արցախեան ազատամարտում, կը լինի ժողովրդի յաղթանակի իր ընդունումը։ Դա ամենամեծ պետական, ազգային եւ քաղաքացիական ինքնագնահատականը կը լինի եւ յարգանքը ժողովրդի նկատմամբ», յայտնած է ան՝ աւելցնելով. «Եւ հիմա փողի, կաշառքի, սպառնալիքների, ցուցակների, բազմակի քուէարկութեան տեղեկատուութեան եւ անգամ ապացուցուած լուրերի ֆոնին ես վերջին անգամ կոչ եմ անում՝ իր իրաւասութեան, իր ենթակայութեան տակ աշխատող շտաբի պետերին, մարզպետներին, գիւղապետերին, քաղաքապետերին, բոլոր ենթականերին յետ կանչել այդ հակահայկական, հակասահմանադրական եւ հակաժողովրդավարկան գործելաոճից, որովհետեւ այս անգամ ոչ մի բան ժողովրդին յետ չի պահելու իրեն պատկանող յաղթանակից», հաստատեց Յովհաննէսեան:

Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ քարոզարշաւը չէ եղած հաւասար, անազատութեան եւ անարդարութեան էական, համակարգային խնդիրներ եղած են եւ ան ողջունեց լրագրողներու մասնակցութիւնը իր կողքին, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ իսկապէս հաւասար մուտք եղած է դէպի տեղեկատուական դաշտ:

Փետրուար 19ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի մը ընթացքին, Յովհաննէսեան յայտարարեց, թէ Սերժ Սարգսեան մինչեւ Փետրուար 20, ժամը 17:00 պէտք է ընդունի ժողովուրդին յաղթանակը, նշելով, որ Հայաստանի նախագահական ընտրութեան արդիւնքը կեղծուած է:

«Բոլոր պաշտօնեաները, բոլոր այն պաշտօնատար անձինք, ովքեր սխալներ են կատարել ընտրութիւնների ընթացքում, եթէ մինչեւ վաղը՝ հանրահաւաքի սկիզբը խոստովանեն, կը ներուեն, կը ներուեն ոչ թէ իմ, այլ ժողովրդի կողմից: Իսկ ով չի անի դա, կը պատժուի օրէնքի ողջ խստութեամբ: Ես ցանկանում եմ գալ այստեղ վաղը, ժամը 17ին եւ հաղորդել, թէ Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորել է ինձ նախագահական ընտրութիւններում տարած յաղթանակի կապակցութեամբ», յայտարարեց Յովհաննէսեան:
Յիշեցնենք, թէ ընտրութեանց աւարտին, Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ հրապարակուած էր 50է աւելի ընտրական խախտումներու ցանկ մը:

Նախագահական թեկնածու Հրանդ Բագրատեան քուէարկեց Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ տեղակայուած դպրոցին մէջ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին՝ ան յայտարարեց, որ մտահոգուած է ընտրախախտումներու, իշխանութիւններու օգտին ընտրակաշառք բաժնելու մասին բազմաթիւ ահազանգներով: Ան իբրեւ օրինակ  նշեց Ստեփանաւանէն ընտանիքներ բերելու փաստը: Բագրատեան չուզեց պարտուելու մասին խօսիլ, սակայն յայտնեց, որ հիասթափուած է:

Պատասխանելով յետընտրական զարգացումներուն մասին հարցումին՝ Բագրատեան յայտնեց, որ ոչինչ կը բացառէ, որոնց շարքին նաեւ հանրահաւաքները: Ան շեշտեց, որ պէտք է արդար ընտրութիւն ըլլար՝ ով որ պիտի յաղթէր, յաղթէր:

Հրանդ Բագրատեան յայտարարեց, որ կը քուէարկէ «Նոր Հայաստանի» օգտին: «Կարծում եմ, որ այն Հայաստանը, որը մենք ունենք վերջին տարիներին, իրեն սպառել է բոլոր առումներով։ Այն չի կարող զարգանալ, չի կարող առաջ գնալ», ընդգծեց ան:

Հայաստանի առաջին նախագահ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան քուէարկեց «Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան»: Տէր Պետրոսեան քուէարկեց այն նոյն ընտրատեղամասին մէջ, ուր աւելի կանուխ քուէարկած էր գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ուշագրաւ է, որ առաջին նախագահի քուէարկութեան ժամը մինչեւ վերջին պահը գաղտնի պահուեցաւ: Հայ Ազգային Կոնգրեսը կը մերժէր յստակ ըսել, թէ ի վերջոյ Տէր Պետրոսեան պիտի քուէարկէ՞ թէ ոչ: Սակայն ան ժամանեց Սպենդեարեանի դպրոց եւ քուէարկութենէն ետք կատակեց, որ ափսոս օրէնքը թոյլ չի տար, հակառակ պարագային միեւնոյն ժամանակ եօթը թեկնածուներու օգտին կը քուէարկէր, որովհետեւ բոլորն ալ արժանի են:

Տէր Պետրոսեան հակաքարոզչութենէ խուսափելու նպատակով մերժեց որեւէ գնահատական տալ Սերժ Սարգսեանի «Դէպի ապահով Հայաստան» նախընտրական կարգախօսին:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հայ Ազգային Կոնգրեսի գործիչներուն նախաձեռնութիւնը, որուն համաձայն անոնք ընտրողներուն կոչ կ՛ուղղեն քուէաթերթիկը անվաւեր դարձնել, առաջին նախագահը նշեց, որ ատիկա ալ քաղաքացիին իրաւունքն է:

«Սահմանադրութեան մէջ ատիկա արգիլուած չէ: Ես ամէն ինչին համաձայն եմ, եթէ արգիլուած չէ, չէք կրնար բռնութիւն բանեցնել վրաս», ըսաւ ան:

Հայաստանի նախագահական թեկնածու Վարդան Սեդրակեան եւս կատարեց իր քաղաքացիական պարտքը:

Թեկնածուն լրագրողներուն յայտնեց, որ իր յաղթանակին կը սպասէ: Սեդրակեան վիրաւորուեցաւ, երբ լրագրողները իրեն հարցուցին, թէ որուն օգտին քուէարկած է եւ մերժեց պատասխանել այլ հարցումներու: Սեդրակեան լրագրողներուն յորդորեց, որ քիչ մը լուրջ ըլլան:

Հայաստանի նախագահական թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան քուէարկելէ ետք նշեց, որ ան իր ընտրութիւնը կատարած է այն Հայաստանին համար, որ կը փորձէր ներկայացնել քաղաքացիներուն: Անիկա կրնայ նաեւ քաղաքացիներու աջակցութեամբ իրականութիւն դառնալ: Անիկա ժողովուրդին պատկանող Հայաստանն է: Ես կը ցանկամ, որ Հայաստան դառնայ աշխարհի բացառիկ երկիրներէն մէկը, ընդգծեց ան։

comments