ՀՅԴ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Փետրուար 18ին Մեր Ժողովուրդին Դրսեւորած Կամքը Պէտք Չէ Ոտնահարուի

By Asbarez | Wednesday, 20 February 2013

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ներկայացուցած է անցնող նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ իր գնահատականը.

ՀՅԴ յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Հայաստանի քաղաքացիները Փետրուար 18-ին ապացուցեցին, որ իրենց համբերութիւնը սահման ունի, որ իրենք արժանի են շատ աւելի լաւ կեանքի եւ իշխանութեան, որ անհնար է մարդոց մէջ մեռցնել արդարութեան, ազատութեան ձգտումը: Ժողովուրդին ընդվզումը երկրին մէջ առկայ քաղաքական, հասարակական, տնտեսական իրական վիճակին եւ բարոյական մթնոլորտին պատասխանն էր: Պատասխանն էր իշխանութեան եւ անոր` վերէն մինչեւ վար ներկայացուցիչներու ինքնագոհ այն պահուածքին, թէ իրենք ունին հասարակութեան բացարձակ մեծամասնութեան վստահութիւնն ու աջակցութիւնը: Ակնյայտ դարձաւ, որ ժողովուրդի գերակշիռ մասը չընդունիր գործող համակարգը:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխանութեան կիրառած վարչական-նիւթական անսահմանափակ միջոցին այս անգամ շատ տեղամասերու մէջ գումարուեցան նաեւ համակարգուած խախտումները ձայներու հաշուարկման ժամանակ: Խոստացուած ամենալաւ ընտրութիւնները հերթական անգամ շատ վատն էին:

Արդիւնքներուն ամփոփումը ապացուցեց մեր այն համոզումը, որ ընտրութիւնները կանխորոշուած են, միջազգային դիտորդներու գնահատականը` կանխատեսելի:

Ստեղծուած յետընտրական իրավիճակը, հնարաւոր զարգացումները կը պարտադրեն հսկայական պատասխանատւութիւն եւ դժուար որոշումներ: Ե’ւ գործող իշխանութեան, ե’ւ հիմնական մրցակից թեկնածուին, ե’ւ ընդդիմադիր ուժերուն, ե’ւ հասարակութեան աշխոյժ հատուածին:

Փետրուար 18-ին մեր ժողովուրդին դրսեւորած կամքը պէտք չէ ոտնահարուի»: ասուած է ՀՅԴ յայտարարութեան մէջ:

comments