Նալբանդեան Յոյսով է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնների Հարցով

By Asbarez | Tuesday, 23 June 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Յունիս 21ին Արաբական միացեալ էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլահ Պին Զայետ ալ Նահայանի հետ համատեղ ասուլիսի մը ընթացքին, լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթեր Սեմնեպիի՝ «Թուրքիան յետքայլ է կատարել» յայտարարութեան, ըսելով. «Մենք յոյս ունենք, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման հարցում Թուրքիան յետքայլ չի արել: Մենք պատրաստ ենք գնալ յարաբերութիւններն առանց նախապայմանների կարգաւորելուն, եւ յոյս ունենք, որ Թուրքիան էլ այդ ուղղութեամբ կը գնա»:

Է. Նալբանդեան նաեւ նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրէն ներս, Հայաստանը մտադիր է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման՝ սահմաններու բացման ճանապարհով, թէեւ յարաբերութիւնները միայն ատով չեն սահմանափակուիր: «Յարաբերութիւնները զարգացնելու համար մտադիր ենք ստեղծել միջկառավարական յանձնաժողով, որ պիտի զբաղի կողմերը յուզող բազմաթիւ հարցերով», պարզաբանած է ան:

Անդրադառնալով Թուրքիայէն յաճախ հնչող իրարամերժ յայտարարութիւններուն՝ ԱԳ նախարարը յայտնած է, թէ իրարամերժ յայտարարութիւններով հարցեր չեն լուծուիր, եւ եթէ ցանկութիւն կայ հարցերը լուծելու դիւանագիտական միջոցներով, ապա ուրեմն հնարաւոր է զայն իրականացնել բանակցութիւններու, եւ այդ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ անոնց իրագործման միջոցով: «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման ուղղութեամբ մենք այդ հնարաւորութիւնն ունենք, եւ այդ ուղղութեամբ էլ Հայաստանը շարունակելու է իր ջանքերը», նշած է Է. Նալբանդեան:
ԱՄ Էմիրութիւններու ԱԳ նախարար Նահայանը, որ Յունիս 21ի երեկոյեան Երեւանէն մեկնած է Անգարա, համատեղ ասուլիսի ընթացքին նկատած է, որ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» հետաքրքրութիւն առաջացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ:

«Մենք ուրախ ենք, որ յարաբերութիւններու նորմալացումը ճիշդ ուղիով կ՛ընթանայ: Ես յոյս ունիմ, որ անիկա կը շարունակէ այդ ձեւով զարգանալ: Մենք կը հետեւինք եւ ուրախ պիտի ըլլանք որեւէ դրական զարգացումով: Ատիկա երկու կողմի կառավարութիւններէն ալ դժուար որոշումներ կը պահանջէ, բայց մենք կը կարծենք, որ երկու կողմերն ալ քաջութիւն պիտի ունենան եւ առնեն այդ քայլերը», յայտնած է նախարար Նահայանը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement