Սարգսեան Թուրքիա Կ՛երթայ Միայն Եթէ Բացուի Սահմանը

By Asbarez | Wednesday, 29 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան, երկօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հետ հրաւիրած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ յայտարարած է, որ ինք ընդառաջելով Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հրաւէրին՝ Թուրքիա կ՛երթայ դիտելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներու պատասխան մրցումին միայն, եթէ մինչ այդ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները բացուած ըլլան:

Նախագահ Թատիչին ես պատմեցի նաեւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման ուղղուած իմ նախաձեռնութեանը հետեւած զարգացումների մանրամասները: Տեղեկացրեցի այդ գործընթացի ներկայ փուլի մանրամասների մասին: Դուք գիտէք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականների պատասխան խաղին քիչ ժամանակ է մնացել, որի ներկայ գտնուելու հրաւէր ունեմ Թուրքիայի նախագահ պարոն Կիւլից: Ներկայ իրողութիւնների պայմաններում, անշուշտ, մենք ակնկալում ենք շուտով ականատեսը լինել կառուցողական քայլերի, որոնցմով մեր գործընկերները կը փորձեն համապատասխան միջավայր ապահովել Հայաստանի նախագահի պատասխան այցի համար: Նախագահ Թատիչի ես կրկնել եմ իմ նախկին յայտարարութիւնները, համաձայն որոնց կ՛ընդունեմ արուած հրաւէրը միայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կատարման, իրական քայլերի տեսանելիութեան դէպքում, այսինքն՝ Թուրքիա կը մեկնեմ, եթէ արդէն իսկ ունենանք բաց սահման կամ գտնուենք Հայաստանի ապաշրջափակման նախաշեմին», յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Իր բարի գալուստի խօսքին մէջ, անդրադառնալով հայ-սերպիական յարաբերութիւններու պատմութեան՝ Սարգսեան նշած է, որ հայ եւ սերպ ժողովուրդների միջեւ դարեր շարունակ բարեկամական յարաբերութիւններ են ձեւաւորուել: Սերպիան այն երկիրն է, որ սրտաբաց ընդունել է Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնից եւ մասնաւորապէս 1922թ. Իզմիրի ջարդերից փրկուած բազմաթիւ հայերի:

Երկու նախագահները նաեւ անուղղակիօրէն անդրադարձած են Ղարաբաղի հարցին: Սարգսեան դիւանագիտական նրբութեամբ խուսափած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ազգային ինքնորոշման սկզբունքներու վրայ հիմնաւորուած լուծումի մասին խօսելէ, (յարգելով նոյն այդ սկզբունքին հիման վրայ Քոսովոն կորսնցուցած Սերպիոյ զգայնութիւնները), փոխարէնը՝ բաւարարուած է ըսելով, թէ «Ելնելով մեր երկրների ոչ վաղ անցեալի փորձից, Սերպիայի նախագահի հետ յանգել ենք միեւնոյն եզրակացութեան, որ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուեն առանց ուժի կիրառման եւ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով ու բանակցութիւնների միջոցով, միջազգային իրաւունքի սկզբունքների ու նորմերի համաձայն:

Ապա ան շարունակած է ըսելով. «Մենք համոզուած ենք, որ չկան հակամարտութիւնները կարգաւորող ունիւերսալ ձեւեր: Իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր ծագման պատմութիւնը, դրդապատճառները, իր իւրայատուկ ընթացքը: Առանց դրանք հաշուի առնելու, հնարաւոր չէ գտնել արդարացի եւ կայուն լուծում:

Երկու նախագահները, իրենց առանձին հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայ-սերպիական յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը եւ զանոնք ամրապնդելու միջոցները:

Երկու ղեկավարներու առանձին հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ նախագահներու մասնակցութեամբ:

Նշենք, որ Պորիս Թատիչ, իր կարգին, Հայաստանի նախագահ Սարգսեանը պաշտօնապէս հրաւիրեց պատասխան այցելութիւն մը տալու Սերպիա:

comments

Advertisement