By Asbarez | Thursday, 21 February 2013
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահական թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան, որ կը մերժէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած արդիւնքները եւ ինքզինք ընտրեալ նախագահ կը նկատէ, Հինգշաբթի, 21 Փետրուարին, իր բառերով՝ «Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանի յորդորով, նաեւ հրապարակում հաւաքուածների պահանջով»՝ հանդիպած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Հանրահաւաքի վայրէն՝ Օփերայի հրապարակէն, քալելով նախագահական պալատ գացած Յովհաննէսեան, նախագահ Սարգսեանի հետ շուրջ մէկ ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք ոչ մէկ մանրամասնութիւն հրապարակեց, եւ վերադառնալով Ազատութեան հրապարակ՝ այնտեղ հաւաքուածներուն յայտարարեց, թէ հանդիպման մասին պիտի զեկուցէ այսօր, երեկոյեան ժամը հինգին (Լոս Անճելըսի ժամով առաւօտեան ժամը հինգին), նոյն վայրը տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ընթացքին:
Յովհաննէսեան հրապարակը հաւաքուածները յորդորեց մեկնիլ իրենց բնակարանները եւ վերադառնալ Ուրբաթ երեկոյեան՝ «տօնելու ժողովուրդին յաղթանակը»:
«Ես մեր զրոյցի մանրամասները ձեզ կը ներկայացնեմ, կը զեկուցեմ ամենայն մանրամասնութեամբ վաղը ժամը 5ին, Ազատութեան հրապարակում: Բայց մի բան թող շատ յստակ լինի՝ արդէն ոնց որ ուղղում են իրենց սխալը», յայտարարեց Յովհաննէսեան:
«Մենք բոլորս գիտենք, որ Փետրուարի 18ին ժողովուրդը յաղթել է բոլոր քաղաքներում ու գիւղերում, եւ բոլորիդ սպասում ենք այս հրապարակում», աւելցուց ան:
«Եւ ձեր առջեւ պատասխան կը տան, որ մի անգամ մեր կեանքի ընթացքում, Աւարայրից, Սարդարապատից, Բաշ-Ապարանից, Ղարաքիլիսայից այս կողմ, հայ ժողովուրդը իրակա՛ն յաղթանակ պիտի տօնի», եզրակացուց «Ժառանգութեան» ղեկավարը:
Ըստ նախագահական պալատի հրապարակած պաշտօնական տեղեկատուութեան՝ նախագահ Սարգսեան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ մը եւ «կարեւորել են բոլոր գործընթացները օրէնքի շրջանակում իրականացնելու առաջնահերթութիւնը»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ