Րաֆֆի Յովհաննէսեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Ներկայացուցիչներուն Հետ

By Asbarez | Thursday, 21 February 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հետ: ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը այս մասին յայտնած է «Երկիր»ին՝ առանց մանրամասնութիւններ փոխանցելու: Հանդիպումը տեւած է մէկուկէս ժամ:

21 Փետրուարի առաւօտեան Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ տեսակցած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, նախագահական նստավայրին մէջ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած տեսակցութենէն ետք նախագահական պալատին դիմաց հաւաքուած մարդոց կոչ ուղղած է իրենց աշխատանքներուն երթալու՝ յայտնելով, որ ինք դիւանագիտական հանդիպումներ պիտի ունենայ, իսկ նախագահին հետ հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ 22 Փետրուարին կայանալիք հանրահաւաքին ընթացքին։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան յայտնած էր. «Րաֆֆի Յովհաննիսեանն այժմ քաղաքական ուժերի հետ կոնսուլտացիաների մէջ է: Անոնց հետ քննարկումներ է վարում: Րաֆֆի Յովհաննէսեանն «Ազատութեան» հրապարակում կը լինի ժամը 18:00ին եւ հանդիպում- զբօսանք կ՛ունենայ իր համակիրների հետ»։

comments