Յովհաննէսեան Ազդարարեց «Բարեւի Յեղափոխութեան» Սկիզբը

By Asbarez | Friday, 22 February 2013

 

Լուսանկարները՝ ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆի/Armenian Weekly

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան հիմնական թեկնածու, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան 22 Փետրուարին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ իր հազարաւոր համակիրներուն ուղղելով իր խօսքը՝ յայտարարեց, որ մտադիր է շարունակել պայքարը յանուն տէ ժիւրէ նախագահութեան։ Ան նշեց, որ նման որոշում կայացուած է երբ իր փոխզիջման բոլոր առաջարկները մերժուած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: «Ես այլեւս ասելիք չունեմ Հայաստանի իշխանութիւններին», հաստատեց ան։


Յովհաննէսեան ժողովուրդը Ազատութեան հրապարակ հրաւիրած էր՝ ներկայացնելու նախագահին հետ նախորդ օրուան դռնփակ հանդիպման մանրամասնութիւնները:

 

Ժողովուրդին բացատրելով այն, որ ինչո՛ւ ինք գնաց նախագահին մօտ, եւ ոչ թէ Ս. Սարգսեանը եկաւ՝ ան ըսաւ. «Որովհետեւ ես բարդոյթ չունեմ: Ես իրեն ասացի՝ ճանաչէք ժողովրդի յաղթանակը, պատասխանը՝ ոչ: Ասացի՝ շամպայնխմելու փոխարէն նոր ընտրութիւն՝ Հայաստանի ապագայի համար, պատասխանը՝ ոչ: Ես ձեզ զեկուցում եմ, կարող էք համաձայն չլինել, ասի՝ լաւ, պատրաստ չէք նոր ընտրութեան, ժողովրդի յաղթանակն ընդունելու, ուրեմն վերջին խօսքը՝ պատժէք առաջին հերթին բոլոր ընտրակեղծարարներին՝ մարզպետ, քաղաքապետ, զինուորին, որ բերեցին կրկնակի քուէարկութեան, ամօ՛թ: Նախարարներին, պատգամաւորներին, ովքեր ճնշեցին, սպառնացին, վախ սփռեցին, կաշառեցին: Առաջին՝ պատիժ բոլորին անխտիր: Դուք պարտաւոր էք հրապարակաւ ասել, որ ես բոլորին պատժելու եմ, այդ ապացոյցները կան: Երկրորդ. այդ ուժը եթէ չունէք թէկուզ ժողովրդի յաղթանակը ճանաչել, եթէ պատրաստ չէք, ուրեմն չնեղանաք ինձանից, որովհետեւ ես մինչեւ կեանքիս վերջը ձեր կողքին պիտի կանգնեմ եւ տեղ չունեմ գնալու: Երրորդը ասեցի՝ անցնում ենք ամբողջական համամասնական ընտրակարգի եւ կազմակերպում ենք նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ, որ նոր ընտրութեամբ իշխանութիւնը վերադարձնենք ժողովրդին: Ի՞նչն է պատասխանը ձեր կարծիքով՝ ոչ: Ես այլեւս ասելիք չունեմ»:

«Երբ իմ բոլոր առաջարկներին հնչեց բացասական պատասխան, ինձ մնում է միայն այստեղ ձեզ ասել, որ մենք շարունակելու ենք պայքարը մինչեւ յաղթանակ», նշեց Յովհաննէսեան։ Ան հաստատեց, որ պայքարը ընթացք առած է՝ արշաւը կոչելով «բարեւի յեղափոխութիւն»: Ան նաեւ աւելցուց, որ իր խումբը 23 Փետրուարին պիտի այցելէ հայաստանեան այլ մեծ քաղաքներ, ուր Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի պաշտօնական տուեալներով, ինք յաղթանակ տարած է: Մասնաւորապէս հանրահաւաքներ տեղի պիտի ունենան Աշտարակի մէջ՝ ժամը 12։00ին, Վանաձորի մէջ՝ 14:30ին եւ Գիւմրիի մէջ՝ ժամը 17։00ին:

Կիրակի, 24 Փետրուարին՝ ժամը 15։00ին Ազատութեան հրապարակին վրայ Յովհաննէսեան մեծ հանրահաւաք պիտի կայացնէ՝ մարզերէն ժամանած կողմնակիցներու մասնակցութեամբ: Ան դիմած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին՝ պահանջելով ի գիտութիւն ընդունիլ հանրահաւաքի մասին իրազեկումը:

22 Փետրուարի հանրահաւաքին Յովհաննէսեանին միացան տարբեր քաղաքական ուժեր, որոնց կարգին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը եւս ելոյթ ունեցաւ հրապարակին վրայ (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնելու համար սեղմել այստեղ): Յովհաննէսեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին՝ հանգիստ մնալու ու ենթարկուելու պայքարի սահմանադրական միջոցներուն:

Հանրահաւաքէն ետք քանի մը հազար ցուցարարներ քայլերթ կատարած են Երեւանի մէջ՝ Հիւսիսային պողոտայ-Հանրապետութեան հրապարակ-Ամիրեան փողոց-Մաշտոցի պողոտայ ուղղութիւններով: Անկէ ետք հանրահաւաքի մասնակիցները վերադարձած են Ազատութեան հրապարակ՝ աւարտելով հանրահաւաքը:

Միացեալ Նահանգներ ծնած 53ամեայ իրաւաբանը, որ 18 Փետրուարի քուէարկութեամբ պաշտօնապէս ստացած է ընտրողներու քուէներուն մօտ 37 տոկոսը, պաշտօնապէս 59 տոկոս քուէ ստացած Սերժ Սարգսեանիններկայացուցած է իր բոլոր առաջարկները, որոնց կարգին՝ «ժողովրդի յաղթանակի ընդունում, նոր ընտրութիւնների նշանակում կամ երկրորդ փուլ, պատժել բոլոր ընտրակեղծարարներին է եւ համամասնական ընտրակարգով անցկացնել նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ»: Սարգսեան բոլոր առաջարկները մերժած է:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Հէյտի Տալեաւինիի հետ՝ քննարկելու Հայաստանի մէջ տիրող յետընտրական իրավիճակը: Հանդիպումներուն մասին այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:

Իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները հերքած էին այն տեղեկութիւնները, թէ Յովհաննէսեանի ձայները գողցուեցան՝ պնդելով, որ ընդդիմութեան առաջնորդը եւ անոր խումբը կորսնցուցած են «իրականութեան զգացումը»:

comments