By Asbarez | Monday, 25 February 2013
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանի եւ «Աջակցութիւն ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան նախաձեռնութեան համար» (ՍԻԼՊԱ) կազմակերպութեան նախագահ, Դանիոյ խորհրդարանի իրաւական խորհրդատու Ճենս Քրիսթիան Լիւթխենի հետ:
1994ին ստեղծուած կազմակերպութիւնը դիտորդական առաքելութիւն կը կատարէ Ուքրանիոյ, Պելոռուսի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ արդէն տարիէ մը ի վեր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ։
Ճ. Քրիսթիան Լիւթխենը հանդիպումեր ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են քաղաքական, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւն առնչուած հարցեր:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ ժողովրդավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաւել կայացած եւ զարգացած է, քան Ատրպէյճանի մէջ։
Արմէն Սարգսեան՝ պատասխանելով հիւրին հարցումին, ներկայացուցած է Արցախեան շարժման պատմութիւնը՝ ընդգծելով, որ Արցախեան շարժումը կանխեց Ատրպէյճանի կողմէ սկսած նոր ցեղասպանութիւն մը:
Դաշնակցական պատգամաւորը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան՝ իբրեւ պարզ օրինակ յիշելով այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացի եղող լաւ մարզիկները չեն կրնար մասնակցիլ միջազգային մրցաշարքերուն՝ իրենց երկրին ճանչցուած չըլլալուն պատճառով։
Ա. Սարգսեանը յաւելեց, որ Լեռնային Ղարաղաբը 20րդ դարասկզբից սկսած Ադրբեջանի բոլոր իշխանութիւնների համար եղել է սոսկ տարածք, իսկ մեզ համար այն հայրենիք է:
Պարոն Լիւթխենը եւս համակարծիք էր, որ խնդիրի կարգաւորման հիմքին մէջ պէտք է ըլլայ եւ պաշտպանուի մարդու իրաւունքը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ