ԼՂՀ Արատքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած Է Լիթուանիա-–Արցախ Նորաստեղծ Խումբի Անդամներուն

By Asbarez | Wednesday, 27 February 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 26 Փետրուարին Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Լիթուանիա–Արցախ բարեկամութեան պատգամաւորական նորաստեղծ խումբի անդամներուն հետ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ լիթուացի այլ խորհրդարանականներ, Լիթուանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեանը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանը:

Նախարարը ողջունած է բարեկամութեան խումբ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը՝ զայն բնութագրելով որպէս ժողովրդավարութեան սկզբունքներու հիման վրայ անկախ պետականութեան կերտման ուղիին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին արձանագրած ձեռքբերումներու անաչառ գնահատական:

Կարէն Միրզոյեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ այս մէկը օրինակելի նախադէպ պիտի ըլլայ այլ երկիրներու մէջ եւս Արցախի ժողովուրդին կամքի արտայայտութեան սատարելու համար՝ անդառնալի դարձնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատած են  խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը, եւ համաձայնութիւն կայացած է գործնական բնոյթ տալու այս քայլին:

comments

Advertisement