By Asbarez | Wednesday, 27 February 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի յետընտրական այցելութիւններու ծիրին մէջ ան հանդիպում ունեցած է Կապանի բնակիչներուն հետ: Հաւաքուած մեծաթիւ մարդոց ուղղելով իր խօսքը՝ ան հաստատած է. «Գարեգին Նժդեհը ոչ մէկի սեփականութիւնը չէ, նա բոլորի սպարապետն է»:
Կապանի մէջ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հաւաքը շատ բուռն եւ բազմակարծիք եղած է: Հակառակ անոր որ բազմաթիւ անձեր հաւաքուած էին զայն լսելու, սակայն կային նաեւ Յովհաննէսեանին ընդդիմացողներ: Րաֆֆի Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս պահանջած է մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի հրաժարականը եւ նկատի ունենալով, որ հանդիպումը մարզպետարանին առջեւ տեղի կ՛ունենար՝ ան մատնացոյց ընելով մարզպետարանին շէնքը ըսած է. «Սուրէ՛ն Խաչատրեան, եկ այստեղ եւ հրաժարական տուր»:
Այդ խօսքը ըսած ատեն բեմ բարձրացած է կին մը, որ ըսած է. «Դուք իրաւունք չունէք պահանջել մի մարդու հրաժարական, ով մեծ ներդրում ունի Արցախեան ազատամարտում եւ, առհասարակ, Կապանի կեանքում»:
Ի պատասխան կնոջ յայտարարութեան՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած է, որ կայ խօսքի ազատութիւն, Կապանի բեմահարթակին վրայ միշտ պէտք է խօսքի ազատութիւն ըլլայ, եւ բոլորը պէտք է լսեն բոլորին կարծիքները:
Մինչ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէր օրէնքով յաղթանակը իրեն տուողներուն, բեմ բարձրացած է մարդ մը եւ հարցուցած, թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան արեւմտամէ՞տ է, թէ՞ ռուսամէտ. Ր. Յովհաննէսեան պատասխանած է. «Թէ՛ Ռուսաստանը, թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Ֆրանսիան հեգնել են Ձեզ, երբ ճանաչել են Հայաստանի ընտրութիւնները: Ճիշդ է այդ բոլոր երկրների հետ յարաբերութիւնները կը լինեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ, բայց ամենաառաջինը կը լինի Հայաստանի շահը: Մենք յարգում ենք բոլորին, եւ բոլորն էլ պէտք է յարգեն մեզ», յայտնած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Ըստ հաւաքի մասնակիցներուն, հազիւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ անոր խումբը մուտք գործած են Կապան, ելեկտրականութիւնը ընդհատուած է։ Սակայն ասիկա արգելք չէ եղած, որ հաւաքը կայանայ բնական կերպով, որովհետեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ելոյթներուն ընթացքին բարձրախօսները կը միացուին իրենց սպասարկող ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող սարքերու։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ