By Asbarez | Thursday, 28 February 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 28 Փետրուարին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմնակիցներուն հաւաքը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Յովհաննէսեան անգամ մը եւս սպառնաց մարզպետներուն, քաղաքապետներուն ու գիւղապետներուն՝ զանոնք մեղադրելով նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծելու յանցանքով:
«Այցելելով մարզեր հարաւից հիւսիս, մենք յայտարարում ենք, որ բոլոր կեղծարարները պէտք է ներողութիւն խնդրեն ժողովրդից եւ հրաժարական տան: Հրաժարականների ճանապարհը բաց է գիւղապետից մինչեւ Բաղրամեան-26», հաստատեց Յովհաննէսեան:
Անդրադառնալով գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ Յովհաննէսեան յայտնած է. «Ապրիլի 9ին նա արդէն չի լինի պետութեան գործող ղեկավարը: Սակայն ես նրա հետ պատրաստ եմ քննարկել եւ առաջարկել ԵՊՀ հոգաբարձուների խորհրդի նախագահի պաշտօնը: Բայց հիմա Սերժ Սարգսեանը պէտք է լքի ԵՊՀն»:
Ապա Ազատութեան հրապարակին վրայ նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանը փոքրիկ հանրաքուէ մը կազմակերպեց։ Ան հաւաքուածներուն հարցուց, թէ եթէ պայքարը տեւէ մէկ օր, մէկ շաբաթ, մէկ ամիս, պատրա՞ստ են մինչեւ վերջ երթալու՝ հաւաքուածները պատասխանեցին, որ պատրաստ են:
Յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր Սահմանադրական դատարան դիմել-չդիմելու հարցին, որուն թեր եղած է հաւաքուածներուն մէկ մասը, իսկ դէմ՝ այլ մաս մը։ Ր. Յովհաննէսեան
նշեց, որ իր որոշումին մասին պիտի յայտարարէ 2 Մարտին կայանալիք հանրահաւաքին ընթացքին։
Ինչ կը վերաբերի ՀԱԿի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի՝ կառավարութեան կազմի ձեւաւորման վերաբերող առաջարկին, Ր. Յովհաննէսեան ըսաւ, որ հոն՝ հրապարակին վրայ պիտի սկսի կառավարութեան ձեւաւորումը: Ան խոստացաւ բազմաթիւ այլ հարցումներու պատասխան տալ 2 Մարտին։
Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ Սումկայիթի ջարդերը՝ յայտնելով, որ 25 տարի առաջ մեր ժողովուրդը զոհեր տուաւ Ատրպէյճանի մէջ։ «Մարդիկ սպանուել են միայն այն բանի համար, որ հայեր էին», ըսաւ ան՝ մէկ վայրկեան լռութիւն յայտարարելով:
Մարտ 1ի 5րդ տարելիցին նուիրուած սգոյ հաւաքին անդրադառնալով՝ ան յայտնեց, որ կէսօրին բացօթեայ ասուլիս պիտի տայ, ապա հանգիստ եւ առանց վանկարկումներու կողմնակիցներուն հետ պիտի ուղղուի Մեասնիկեանի յուշարձանին մօտ, ուր ծաղիկներ պիտի զետեղէ:
Յովհաննէսեան բանաւոր կերպով ոստիկանութիւնը իրազեկեց զանգուածային միջացառման մասին, ինչ որ օրէնսդրութեամբ նախատեսուած չէ: Նշենք, որ աւելի վաղ Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչները դիմած էին քաղաքապետարան՝ ժամը 17։00էն 19:45 նախաձեռնութիւն կատարելու գծով: Առաջին անգամ չէ, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան անսպասելիօրէն կը փոխէ նախաձեռնութիւններուն ժամանակացոյցը։
Նշենք, որ 28 Փետրուարի հանրահաւաքը վարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը:
Իր ներածական խօսքին մէջ ան յայտարարեց, թէ վերջին օրերուն Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մարզային այցելութիւններէն յստակացաւ, որ «մենք ապրում ենք այլ Հայաստանում»: Ելոյթ ունեցան երիտասարդ գործիչներ։
Հանրահաւաքին ընթացքին հրապարակուեցաւ նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ուղերձը՝ յղուած պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին. անոր մէջ կ՛ըսուի. «Խաղաղ յեղափոխութիւնը շարունակուելու է միայն սահմանադրական մեթոդներով, սակայն չի բացառւում, որ ինչ որ պահի նա հրաման ստանայ ուժ կիրառելու: Յարգելով ձեզ եւ ձեր աւանդը արցախեան պատերազմում՝ կոչ ենք անում որեւէ դէպքում չենթարկուել նման հրամանների եւ բնակչութեան դէմ չօգտագործել բանակին՝ Յաղթանակած բանակին»:
Հաւաքի աւարտէն ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան, իր սովորութեան համաձայն, մօտեցաւ ժողովուրդին՝ բարեւելու, զրուցելու հանրահաւաքի մասնակիցներուն հետ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ